2014-03-20 10:36:42

Ուրֆայի պատմական Ամրոցին մէջ Հայերու գերեզմաններ յայտնաբերուեցան։


ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրֆա (Եդեսիա) քաղաքի թանգարանի աշխատակիցները քաղաքին պատմական ամրոցին մէջ պեղումներու ընթացքին քարանձաւ մը յայտնաբերած են:
Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ Ուրֆայի քաղաքային թանգարանի հնագէտները այս պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած քարանձաւին մէջ հայերու գերեզմաններ յայտնաբերած են:
Կը նշուի, որ գերեզմաններուն մօտ գտնուած են նաեւ թագաւորական գահ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի, Աստուածածնայ եւ այլ սուրբերու սրբապատկերներ:
Նշենք, որ ըստ Մովսէս Խորենացիի, Ուրֆան հիմնած է հայ թագաւոր Աբգարը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած առաջին թագաւորը կը նկատուի: Աբգար թագաւորը պատկերուած է հայկական 100 հազարնոց դրամանիշին վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.