2014-03-19 09:42:44

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին աղքատներու ի նպաստ տածած քարոզութեան շնորհիւ ԱՄՆի կաթողիկէները աւելի առատաձեռնութեամբ օգնութեան կը հասնին աղքատներուն։


ԱՄՆի մէջ վերջերս կատարակուած վիճակագրութեան համաձայն, ի յայտ կու գայ որ ԱՄՆի կաթողիկէները ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ընտրութենէն ասդին աւելի սիրով ու առատաձեռնութեամբ օգնութեան կը հասնին աղքատներուն։
Հաւատացեալներու 77 տոկոսը յայտարարած է որ աւելի սիրով բարերարութիւն կը կատարեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ազդեցութեամբ։ Բացայայտ է որ Սրբազան Հօր պատգամը Աստուծոյ ողորմութեան, աղքատսիրութեան եւ ուրախութեան մասին ներշնչած են բազմաթիւ կաթողիկէ ամերկացիներ աւելի առատաձերն ըլլալու եւ խնամք տանելու կարիքաւորներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.