2014-03-19 09:03:30

Փութին ստորագրեց Խրիմը Ռուսիոյ կցող համաձայնագիրը


ՄՈՍԿՈՒԱ, «Ռոյթըրզ».- Ռուսիոյ խոր- հրդարանաին աջեւ Երեքշաբթի, Մարտ 18ին արտասանուած ճառին ընթացքին, նախագահ Վլատիմիր Փութին անտեսեց աւելի խիստ պատժամիջոցներ որդեգրելու կապակցութեամբ Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան սպառնալիքները, ընդունեց Խրիմը Ռուսիոյ միացնելու կապակցութեամբ Կիրակի օր Խրիմի մէջ կայացած հանրաքուէին արդիւնքը եւ ելոյթէն անմիջապէս ետք ստորագրեց «Խրիմի Հանրապետութիւն»ը Ռուսիոյ միացնող համաձայնագիրը:
Ան նաեւ կոչ ըրաւ Ռուսիոյ խորհրդարանին, որ արագօրէն վաւերացնէ Ռուսիոյ միանալու Խրիմի ժողովուրդին դիմումը:
Նախագահ Փութին Երկուշաբթի գիշեր ստորագրած էր հրամանագիր մը, որ Խրիմը կը նկատէր «գերիշխան եւ անկախ պետութիւն»:
Փութին Երեքշաբթի օրուան ելոյթին ընթացքին քննադատեց Խրիմի ժողովուրդին կամքը անտեսող պետութիւնները եւ շեշտեց, թէ երբ Խրիմը այլ պետութեան մը կցուած էր, «Ռուսիա զգաց, որ ատիկա գողցուած է իրմէ»:
Փութին նաեւ խոստացաւ երաշխաւորել Խրիմի բոլոր ժողովուրդներուն իրաւունքները եւ նշեց, թէ հոն պիտի որդեգրուի երեք լեզուներու՝ ռուսերէնի, ուքրաներէնի եւ թաթարերէնի օգտագործումը:
Նոյն օրը, Ուքրանիոյ վարչապետ Արսէնի Եացենիուք, փոձելով Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ ռուսերուն մտավախութիւնները մեղմացնել, յայտարարեց, թէ Քիեւի նոր իշխանութիւնները ՆԱԹՕի անդամակցելու հարցը օրակարգի վրայ պիտի չդնեն, աւելցնելով, թէ Քիեւ նկատի պիտի ունենայ ընդհանրապէս երկիրին արեւելեան շրջաններուն մէջ ապրող ռուսամէտ բնակչութեան շահերը, երբ քննէ Եւրոմիութեան հետ կապերը սերտացնելու կարելիութիւնները:
Արեւմուտքը եւ Քիեւի նոր իշխանութիւնները կը մերժեն Խրիմի հանրաքուէին արդիւնքը եւ կը շարունակեն շրջանը Ուքրանիոյ մէկ մասնիկը նկատել:
Սակայն, Խրիմ արդէն իսկ որոշած է Ապրիլ 1էն սկսեալ ռուսական ռուբլին դարձնել շրջանի պաշտօնական դրամանիշը: Նաեւ, շրջանին ժամը եւս այս ամսուան վերջաւորութեան պիտի ճշդուի ըստ Մոսկուայի ժամանակացոյցին:
Յայտնենք, թէ ՄԱԿի Ընդհանուր ժողովը Մարտ 20ին Ուքրանիոյ հարցով արտակարգ ժողով պիտի գումարէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.