2014-03-19 11:36:37

Առաջին անգամուայ համար Ս. Աթոռը պատուոյ հիւր կը հանդիսանայ Թորինոյի գիրքի տօնավաճառքին։


8-12 մայիս 2014 Թորինօ քաղաքին մէջ նախատեսուած է գիրքի տարեկան տօնավաճառքը։ Առաջին անգամ ըլլալով, Սուրբ Աթոռը, այս տարի, պատուոյ հիւր կը հանդիսանայ վերոյիշեալ ձեռնարկին որուն իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Կարտինալ Փիեդրօ Փարոլին ներկայացնելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին անձն ու գրութիւնները։
Այս առթիւ Վատիկանի կարգ մը հաստատութիւններ` Վատիկանի գրատունը, թանգարանները, մատենադարանը եւ գաղտնի դիւանը իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն տօնավաճառքին։ Կարտինալ Ռավազի` նախագահը քահանայապետական մշակոյթի խորհուրդին, յայտնեց որ Ս. Աթոռի պետական քարտուղար ` կարտինալ Փարոլինը, 10 մայիս 2014ին, պիտի ներկայացնէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին գրութիւնները։ Յայտնենք որ Թորինոյի գիրքի տօնավաճառը Եւրոպայի կարեւորագոյն տօնավաճառներէն մէկն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.