Երեքշաբթի 18 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրատարակած է թուիթ մը
որուն մէջ կը յայտնէ թէ Յիսուս մեզի սորվեցուց անվերապահ սէր ունենալ։ ''Քրիստոնէական
սէրը անվերապահ սէր մըն է։ Այս է Բարի Սամարացիի մեզի տուած դասը` այս է Յիսուսին մեզի
տուած դասը''։