2014-03-18 13:13:43

''Քառասնորդաց շրջանը դարձի եւ ապաշխարութեան ժամանակաշրջան է'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը իր քարոզին մէջ։


Երեքշաբթի, 18 մարտ, առաւօտեան Սուրբ Պատարագի ընթացքին
արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը խօսքը կեդրոնացուց Քառասնորդաց պահքի վրայ, մատնանշելով թէ քառասնորդաց ժամանակաշրջանը՝ մեր կեանքը բարեփոխելու եւ Տիրոջ մօտենալու ժամանակ է։
Նորին Սրբութիւնը քարոզին մէջ ընդգծեց դարձի գալու կարեւորութիւնը՝ հաստատելով թէ քառասնորդաց շրջանի կարեւորագոյն մասը այն է՝ դարձի գալ եւ մօտենալ Յիսուսին։
Անդրադառնալով ապա Եսայի Մարգարէէն քաղուած Սուրբ Գրային ընթերցումին, Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկեց Սոդոմ ու Գոմոր քաղաքներու մեղաւոր բնակիչներուն ուղղուած Տիրոջ կոչին` դարձի գալու, ու ապա շեշտը դրաւ կեանքը բարեփոխելու անհրաժեշտութեան վրայ, դիտելով մեր հոգիներուն խորքը։
Քառասնորդաց շրջան ճիշդ այս է` - ըսաւ Քահանայապետը - բարեփոխել մեր կեանքը Տիրոջ մօտենալով, Ան մեզ կը սպասէ եւ ապահով մեզ պիտի ներէ։
Նորին Սրբութիւնը աւելցուց թէ Տէրը անկեղծ մօտեցում կ'ակնկալէ եւ զգուշացուց կեղծաւոր կեցուածքներէ ։ Ան ապա հրաւիրեց ''խնամել եղբայրները, աղքատները եւ հիւանդները, այնպէս ինչպէս Տէրը սորվեցուցած է մեզի'' հուսկ հայցեց Տիրոջ լոյսը` հասկնալու մեր ապրելակերպը ու Անոր քաջութիւնը` ապաշխարելու համար եւ աւելի մօտիկ ըլլալու մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսին։








All the contents on this site are copyrighted ©.