2014-03-18 10:03:13

Հայ դպրոցական նոր պարբերաթերթ՝ Լիբանանի մէջ


Վերջերս լոյս տեսաւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան Սրբոց Հռիփսիմեանց վարժարանի Սլացք պարբերաթերթի առաջին համարը ( Ա. Տարի, թիւ 1, Դեկտեմբեր 2013, Լիբանան): Վարժարանը, որ նախապէս լոյս կ՛ընծայէր տարեգիրք-ալպոմ մը, նոյն անունով, այժմ կը ներկայանայ եռամսեայ պարբերականութեամբ լոյս տեսնելիք դպրոցական հրատարակութեամբ մը՝ բովանդակութեան կազմութեան եւ ձեւաւորումի մէջ որդեգրուած նոր մօտեցումներով:
32 էջերէ բաղկացած Սլացքի առաջին համարին մէջ ներկայացուած են Հռիփսիմեանց վարժարանի մասին տեղեկատուական յօդուածներ, աշակերտներուն ուղղուած դաստիարակչական եւ ուսուցողական հարուստ նիւթեր, ինչպէս նաեւ աշակերտներու գրական եւ նկարչական գործեր:
Այս առիթով պարբերաթերթի ընթերցողներուն ուղղած իր խօսքին մէջ, վարժարանի տնօրէնուհի Քոյր Արմէնուհի Մակարոսեան կը շեշտէ, որ 166-ամեայ միաբանութեան այս վարժարանը, որ կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 90-րդ տարին, պիտի շարունակէ գործել իր կոչումին եւ առաքելութեան թելադրանքներով՝ ի սպաս լիբանանահայ սերունդներու դաստիարակութեան:
Սլացքի առաջին համարին մէջ ընթերցողը կրնայ ծանօթանալ Հռիփսիմեանց վարժարանի հարուստ առօրեային, ներդպրոցական թէ արտադպրոցական ձեռնարկներուն եւ աշակերտական գործունէութեանց, վարժարանէն ներս իրագործուած նորութիւններուն, զանազան նիւթերու շուրջ աշակերտներու շարադրական եւ գծագրական աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ շարք մը ճանաչողական գրութիւններու, որոնք ուղղուած են յատկապէս աշակերտներու գիտելիքներու հարստացման՝ հայրենագիտութեան, արդի արհեստագիտութեան եւ միջազգային պատմութեան մէջ:
Սլացքի գլխաւոր խմբագիրն է Կարինէ Մինասեան Թաշճեան՝ վարժարանի նախակրթարանի հայերէնի ուսուցչուհիներէն: Տնօրէնութիւնը յառաջացուցած է նաեւ աշակերտական խմբագրական կազմ մը, 9-11րդ դասարաններու 7 աշակերտներէ:
Այսպիսով լիբանանահայ եւ հայ կաթողիկէ դպրոցական հրատարակութիւններու ընտանիքը կը համալրուի նոր պարբերաթերթով մը, որ կու գայ իր ներդրումը կատարելու լիբանանահայ աշակերտի զարգացման եւ լիբանանահայ դպրոցի գործունէութեան մասին իրազեկումը ընդլայնելու եւ տարածելու անչափ կարեւոր գործին:







All the contents on this site are copyrighted ©.