2014-03-18 09:44:03

Իսկական իմաստութիւնը հրաժարիլն է ամէն բանէ


RealAudioMP3 Եթէ մէկը ուզէ ինծի գալ, առանց ատելու իր հայրն ու մայրը, կինն ու զաւակները, եղբայրներն ու քոյրերը, նաեւ իր անձը, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ: Ով որ չառներ իր խաչը եւ չի հետեւիր ինծի, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ (Ղկ 14, 25-27)
Վերջերս, աշխարհիս մեծերը եւ ժողովուրդին մեծագոյնը կը ձգտի եսասիրութեամբ տանիլ ամէն ինչ դէպի իրենց շահերը: Նոյնիսկ կրօնական աշխհարին մէջ շատ մը կղերականներ մոռցան Յիսուսի խօսքերը որ կը խնդրէր իր առաքեալներէն մոռնալու իրենց ընտանիքը, իրենց հարստութիւնները՝ իսկական առաքելութեան մէջ մտնելու համար:
Յիսուս, յստակ կերպով կը ներկայացնէ մեզի այդ կոչը զոր ըրաւ իր առաքեալներուն: Կոչ մը ձեռնթափութեան եւ հրաժարումի իրենց անձնական խաչը առնելու, այս կոչը մարդուս յստակ կ'երեւի բայց ալ խիստ է հասկնալու: Արդեօք Յիսուս մեզմէ ի՞նչ կը պահանչէ: Անշուշտ չի խնդրեր մեզմէ աշխարհիս վրայ գտնուած արժէքներէն հրաժարիլ՝ այլ գործադրել մեր համոզութիւնները եւ հասկացողութիւնները Յիսուսի կեանքին մէջ որ իւրաքանչիւրէս կը պահանջէ որ Ինքը ըլլայ առաջին անձը մեր նախընտրութիւններուն մէջ, մեր ընտանիքէն, մեր ծրագիրներէն եւ մեր ունեցածներէն աւելի: Այս նախընտրաքին մէջ Յիսուս չուզեր մեզ դնել ոչ անձնական եւ ոչ ալ տնտեսական եւ խնայողական գետնի վրայ, այլ ամբողջութեամբ ինքզինքնիս նուիրենք իրեն, քանի որ իր առաքեալներն ու աշակերտներն ենք եւ որպէս Յիսուսի աշակերտները դասուինք. նախընտրանքը դնելու ենք իր անձին ամէն բանի մէջ: Յիսուս պէտք է գրաւէ առաջին շարքը մեր կեանքին եւ հասարակութեան մէջ:
Երուսաղէմի ժողովուրդը շուրջը կը հաւաքուէր Զինքը լսելու. հետը ապրեցան, տեսան իր հրաշքները, լոկ մտիկ ըրին իր խօսքերուն եւ որոշ մարդիկ հասկցան իր առաքելութեան իմաստը որ կը կայանայ զոհաբերութեան եւ նուիրատուութեան մէջ: Իր խօսքերը բացատրեց ազատ կամքով, իր սէրը առատաբուխ եւ հիանալի թուեցաւ շատերուն: Շատ յստակ էին իր որոշումները, այս նախադասութիւններով Յիսուս կը պարտարդէր զինք լսողներուն որ լաւ մտիկ ընէին իր առաքելութեան խօսքերը եւ գաղափարները: Չի բաւեր զմայլելու Յիսուսի անձին վրայ, այլ պէտք է իրեն պէս ապրիլ: Ան որ խաչը չառներ եւ ետեւէս չի գար, չի կրնար իմ աշակերտս ըլլալ: Նշմարելի է Յիսուսի կեցուածքը որ չի նմանիր փարիսեցիներունը որոնք կը խօսին բայց չեն գործադրեր: Հոս Յիսուս քաջաբար կ'ըսէ , Ես առաջինը պիտի երթամ զոհուելու եւ խաչուելու, եւ դուք մի վախնաք: Այս որոշումով Քրիստոս կ'առնէր իր ճանապարհը մինչեւ ծայրը, առանց վհատելու եւ իր ետեւէն նայելու. կը բաւէ մեզի որ իրեն հետեւինք:
Հաստատ քայլերով ետեւէն երթանք եւ նոյն ճամբան առնենք որովհետեւ Յիսուսն է մեր առաջնորդը եւ պետը: Լաւատես եւ յոյսով լեցուած աչքերով դիտենք այս ճանապարհին որ թերեւս ծանր կը թուի մեզի եւ սակայն Յիսուսի ներկայութիւնը ուրախութիւն եւ խաղաղութիւն կը տածէ մեզի ուր կայ ապահովութիւն, սէր եւ խաղաղութիւն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան







All the contents on this site are copyrighted ©.