2014-03-17 10:00:52

Ռայի Պատրիարքին կոչը Լիբանանի քաղաքական
պատասխանատուներուն


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, կիրակի, 16 մարտին, Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց երկրին քաղաքական պատասխանատուներուն վերջ տալու «տնտեսական արիւնահեղութեան», որ տասը ամիսներէ ի վեր առկայ է:
Ռայի պատրիարքը մաղթեց, որ այդ արիւնահեղութիւնը կասեցուի եւ կառավարութեան վստահութեան քուէ շնորհուի` պատրաստուելու համար նախագահական ընտրութեան:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շաբաթավերջին Պքերքէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որուն հետ քննարկեց շրջանային եւ միջազգային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը:
Ապատի ընդգծեց, որ Թեհրան կը զօրակցի լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ լիբանանեան քաղաքական ուժերուն միջեւ տեսակէտներու մերձեցումին:







All the contents on this site are copyrighted ©.