2014-03-17 10:16:55

Նախապատրաստութիւններ Յովհաննէս ԻԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ երանելիներու սրբադասման ի տես։


Յառաջիկայ Ապրիլ 27-ին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ տեղի պիտի ունենայ, Երանելի Յովհաննէս ԻԳ եւ երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետներու սրբադասման արարողութիւնը որուն կը նախատեսուի միլինաւոր հաւատացեալներու մասնակցութիւնը։
Այս առթիւ Քահանայապետական Տան վարչութիւնը յայտարարած է թէ բոլոր անոնք որ փափաք ունին մասնակցիլ սրբադասման արարողութեան ազատօրէն կրնան ժամանել Սուրբ Պետրոսի հրապարակ, առանց որեւէ տոմսակի հարկաւորութեան։
Քահանայապետական Տան վարչութիւնը զգուշացուցած է հաւատացեալները ''խաբէութիւններէ'' կամ տոմսեր վաճառողներէ, հաստատելով թէ արարողութիւնը բաց է բոլորին եւ թէ ընդհանրապէս Վատիկանի մէջ կայացած արարողութիւններու տոմսերը ձրի են։
Շատ սիրուած այս երկու Քահանայապետերու սրբադասումը մեծ խանդավառութիւն յարուցած է աշխարհի հաւատացեալներուն մօտ եւ մասնաւորապէս երիտասարդներուն մօտ։ Սրբադասումի արարողութեան նախօրեակին` 26 ապրիլի յետմիջօրէին, աղօթքի հսկում մը կազմակերպուած է Հռոմի գլխաւոր եկեղեցիներու մէջ ի պատրաստութիւն սրբադասման արարողութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.