2014-03-17 10:00:24

Խրիմի մէջ հանրաքուէի մասնակիցներուն 95 առ հարիւրը «Այո» ըսաւ Ռուսիոյ միանալուն


Կիրակի, 16 մարտին, Խրիմի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ միանալու կամ Ուքրանիոյ կազմին մէջ ինքնավար շրջան մնալու շուրջ հանրաքուէ մը:
Քուէարկութիւնը ընթացք առաւ տեղական ժամանակացոյցով առաւօտեան ժամը 08:00-ին եւ փակուեցաւ երեկոյեան ժամը 08:00-ին: Շուրջ 1.5 միլիոն քուէարկողներ կրնային մասնակցիլ հանրաքուէին: Խրիմի թաթարները պոյքոթի ենթարկեցին հանրաքուէն:
Խրիմի կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահը երէկ գիշեր ժամը 10:23¬ին յայտարարեց, որ ըստ նախնական տուեալներուն, հանրաքուէին մասնակիցներուն 95 առ հարիւրը Ռուսիոյ միանալուն թեր քուէարկած է, իսկ 3.5 առ հարիւրը Ուքրանիոյ կազմին մէջ յաւելեալ ինքնավարութեան: Մասնակցութեան համեմատութիւնը եղած է աւելի քան 82 առ հարիւր:
Հանրաքուէի արդիւնքին հրապարակումէն ետք, Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսիոնով յայտարարեց. «Երկուշաբթի օր (այսօր. «Ա.») պաշտօնապէս Ռուսիոյ միանալու դիմում պիտի ներկայացնենք»: Ըստ ԻԹԱՐ¬ԹԱՍՍ¬ի, այդ քայլը տեղի պիտի ունենայ առաւօտեան ժամը 10:00¬ին:
Սպիտակ տունը մերժեց հանրաքուէն` նշելով, որ «այն ինչ որ Ռուսիան կ՛ընէ, վտանգաւոր է եւ շրջանի ապահովութիւնը կ՛ապակայունացնէ»: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «Մոսկուա Խրիմի մէջ իր զինուորական միջամտութեան եւ միջազգային օրէնքը խախտելուն գինը պիտի վճարէ»:
Խրիմի վարչապետ Սերկէյ Աքսիոնով շրջանի մայրաքաղաք Սիմֆերոփոլի քուէարկութեան կեդրոններէն մէկուն մէջ քուէարկելէ ետք հանրաքուէն «պատմական պահ» կոչեց` աւելցնելով, որ անոր արդիւնքը կացութիւնը պիտի չբարդացնէ, այլ բոլոր հարցերը խաղաղ կերպով պիտի լուծէ: «Ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ», նշեց ան:
Մինչ այդ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելի հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին մտահոգութիւն յայտնեց «Ուքրանիոյ արեւելեան եւ հարաւային շրջաններուն մէջ ծայրայեղականներու կատարած մագլցողական քայլերուն առնչութեամբ, որոնց նկատմամբ Քիեւի իշխանութիւնները աչք կը փակեն»:
Փութին ըսաւ, որ Խրիմի մէջ հանրաքուէ կատարելը լիուլի կը համապատասխանէ միջազգային օրէնքի սկզբունքներուն, մասնաւորաբար ՄԱԿ-ի ուխտի առաջին յօդուածին, որ ժողովուրդներու հաւասարութեան եւ ինքնորոշման իրաւունքին կը վերաբերի:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ Խրիմի մէջ ինքնորոշման հանրաքուէն միջազգային օրէնքին համահունչ է: Ան Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց Քիեւի մօտ իր ազդեցութիւնը օգտագործելու` ուքրանացի ընդդիմադիրներու բռնաճնշումն ու ռուսախօսներու իրաւունքներու բռնաբարումը դադրեցնելու համար:
Նշենք, որ մէկ օր առաջ Արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնեցք քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ ցոյց մը, որուն ընթացքին ռուսամէտ ցուցարարները «Տոնեցքը Ռուսիա է» բացագանչեցին: Ուքրանացի ազգայնական եւ ռուսամէտ ցուցարարներու միջեւ բախում տեղի ունեցաւ:
Ռուսամէտ ցուցարարներ երէկ ներխուժեցին Տոնեցքի մէջ ապահովական մարմիններու կեդրոնատեղին` պահանջելով ազատ արձակել մէկ օր առաջ ձերբակալուած ռուսամէտ գործիչները







All the contents on this site are copyrighted ©.