2014-03-17 10:00:41

Դարձեալ անձնասպանական գործողութիւն Լիբանանի մէջ


Երեք շաբթուան դադարէ ետք, երէկ գիշեր ահաբեկչութիւնը դարձեալ խախտեց Լիբանանի ապահովական անդորրը` ցնցելով Պեքաան:
Երէկ գիշերուան ժամը 10:00-ին, ուժգին պայթում մը ցնցեց Պեքաայի Նապի Օսման գիւղաքաղաքը, ուր մուտք գործած էր ականուած ինքնաշարժ մը:
Պայթումը հետեւանք էր անձնասպանական գործողութեան, որուն պատճառով արձանագրուեցան երկու զոհեր եւ վիրաւորուեցան 14 ուրիշներ, ինչպէս նաեւ պատճառուեցաւ նիւթական հսկայական վնաս:
Զոհերն են Հըզպալլայի անդամ Ապտել Ռահման Քատի եւ Խալիլ Խալիլ:
Ըստ անպաշտօն աղբիւրներու, ականուած ինքնաշարժը Պեքաա հասած էր Արսալի Ռաֆեք հովիտէն: Ինքնաշարժը Նապի Օսման-Այն ճամբուն վրայ արտակարգ արագութեամբ կը սուրար եւ այդ պատճառով ալ անիկա կասկած արթնցուցած էր գիւղաքաղաքին տղոց մօտ, որոնք հետապնդած էին զայն եւ հազիւ անոր քով հասած ու պահանջած էին, որ վարորդը կանգ առնէ, ան ինքզինք պայթեցուցած էր







All the contents on this site are copyrighted ©.