2014-03-17 09:44:04

Այցելելով ''Աղօթքի Տիրամօր'' նուիրուած ժողովրդապետութիւնը, Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց հաւատացեալները ''ունկնդրել Յիսուսի խօսքերը''։


Կիրակի, 16 մարտ, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի մէկ արուարձանի մէջ գտնուող` Կուիտոնիա թաղապետութեան, ''Սէթթէվիլլէ'' շրջանի, ''Աղօթքի Տիրամօր'' նուիրուած ժողովրդապետութիւնը։
Հովուական այցելութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը հանդիպումներ ունեցաւ ժողովրդապետութեան հաւատացեալներուն հետ ու յատկապէս ժողովրդապետութեան հիւանդներուն եւ անկարներուն հետ, մանուկներուն եւ առաջին հաղորդութեան ու դրոշմի խորհուրդի պատրաստուող երիտասարդներուն հետ ինչպէս նաեւ Նէոքաթեքումենալ շարժումի անդամներուն հետ։ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ ապա վերջին ամիսներուն մկրտուած նորածիններու ընտանեկան պարագաներուն հետ։
''Աղօթքի Տիրամօր'' Եկեղեցւոյ մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումը, ուր կը խօսուի Յիսուսի այլակերպութեան մասին, խրախուսեց հաւատացեալները ունկնդրելու միշտ Յիսուսի խօսքերը ու ապա հրաւիրեց զանոնք Սուրբ Աւետարանը տանելու միշտ իրենց հետ։
Սուրբ Զոհին աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը հակիրճ հանդիպում ունեցաւ ժողովրդապետութեան մէջ ծառայող Քահանաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը ապա հրաժեշտ առաւ ու խնդրեց որ աղօթեն իրեն համար, որպէսզի կարենայ ''Բարի Եպիսկոպոս'' մը ըլլալ եւ սխալներ չի գործէ։ Աղօթեցէք ինծի համար, ըսաւ Քահանայպետը, ու ապա հրաւիրեց միասնաբար աղօթել Ողջոյն քեզ Մարիամ աղօթքը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին անոնց տալով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.