2014-03-16 09:12:48

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հովուական այցը ''Աղօթքի Տիրամօր'' նուիրուած ժողովրդապետութեան։


Կիրակի, 16 մարտ, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն կը կատարէ Հռոմի մէկ արուարձանի մէջ գտնուող` Կուիտոնիա թաղապետութեան, ''Սէթթէվիլլէ'' շրջանի, ''Աղօթքի Տիրամօր'' նուիրուած ժողովրդապետութեան։
Սրբազան Հայրը Վատիկանէն կը մեկնի ժամը 15,15 անց եւ հովուական այցելութեան վայր կը ժամանէ 16-ին։ Ժողովրդապետութեան հրապարակի վրայ Սրբազան Հայրը կը դիմաւորեն ժողովրդապետութեան հաւատացեալները։ Ան ապա յաջորդաբար հանդիպումներ կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան հիւանդներուն եւ անկարներուն հետ, մանուկներուն եւ առաջին հաղորդութեան ու դրոշմի խորհուրդի պատրաստուող երիտասարդներուն ինչպէս նաեւ Նէոքաթեքումենալ շարժումի անդամներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը ապա կը հանդիպի վերջին ամիսներուն մկրտուած նորածիններու ընտանեկան պարագաներուն հետ։
Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը գլխաւորելէ առաջ, Ֆրանչիսկոս Պապը կը մատակարարէ խոստովանանքի խորհուրդը, հուսկ Սուրբ Զոհին աւարտին հակիրճ հանդիպում կ՛ունենայ ժողովրդապետութեան մէջ ծառայող Քահանաներուն ու անոնց ընտանեկան պարագաներուն հետ։ Հովուական այցելութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը Վատիկան կը վերադառնայ։
Յայտնենք որ Կուիտոնիայի ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է 1989-ին ու անոր կլորաձեւ նոր եկեղեցւոյ օծումը կատարուած է` 15 յունիս 2002 թուականին։ 5 մայիս 1985-ին երջանկայիշատակ Յովհաննէս Պօղոս Բ քահանայապետը եւս այցելած է այդ շրջանը։ Նշենք նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս հովուական այցելութիւնը, Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններու կատարած հինգերորդ այցելութիւնը կը հանդիսանայ։ Առաջինը եղաւ ''Սրբուհի Եղիսաբէթ եւ Սուրբ Զաքարիոսի'' անուամբ ժողովրդապետութեան այցը` 26 մայիս 2013-ին, ապա 1 դեկտեմբեր 2013-ին Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Կիւրեղի ժողովրդապետութիւնը, 19 յունուար 2014-ին` Յիսուսի Սուրբ Սրտի ժողովրդապետութիւնը, 16 փետրուար 2014-ին` Սուրբ Թովմաս առաքեալի ժողովրդապետութիւնը, իսկ 6 յունուար 2014-ին Քահանայապետը այցելեց Սուրբ Ալֆոնսիոս Մարիա Տէ Լիկուորիիի ժողովրդապետութեան շարժուն մսուրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.