2014-03-16 12:49:21

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։


Կիրակի, 16 մարտ, կէսօրին` Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը գտնուող հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։
Այս առթիւ ներկայացուցած իր խորհրդածութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանեց օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումը որ կը խօսի Յիսուսի Այլակերպութեան մասին։
Այս դիպուածը – ըսաւ Քահանայապետը - կ՛ուզեմ եզրակացնել երկու բառերով ''ելք եւ վայրէջք''։ Մենք կարիք ունինք բարձրանալու դէպի լեռ` առանձնանալու եւ լռութեան մէջ լսելու Տիրոջ ձայնը։ Սակայն Աստուծոյ հետ աղօթքի այս հանդիպումը մեզ կը մղէ ''իջնելու'' եւ ընթանալու դէպի մեր եղբայրակիցները, անոնց տանելով Աստուծոյ հետ մեր հանդիպումի փորձառութեան պտուղը եւ անոնց հետ կիսելով մեր ընդունած թանկարժէք շնորհքները։ Առաքելութիւն մը որ կը հայի համայն եկեղեցւոյ, ըսաւ Քահանայապետը, սկսեալ Եպիսկոպոսներէն եւ Քահանաներէն որոնք քրիստոնեայ հասարակութեան աղօթքին կը կարօտին։
Ան ապա խօսքը եզրափակեց Աստուածամօր հովանիին յանձնելով Աստուծոյ հաւատացեալ ժողովուրդը, որպէսզի քառասնորդաց այս շրջանի ընթացքին, առաջնորդէ մեզ ու սորվեցնէ` ինչպէս ''վեր ելլել'' աղօթքով եւ ''վայրէջք'' կատարել եղբայրական ողորմութեամբ ու սիրով։
Խորհրդածութեան աւարտին, Սրբազան Հայրը, արտասանեց Մարեմեան աղօթքը ու ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակը գտնուող հաւատացեալներուն ու ապա հրաժեշտ առաւ բոլորին մաղթելով` բարի կիրակի։








All the contents on this site are copyrighted ©.