2014-03-16 09:16:50

Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն վատիկանեան կազմակերպութիւնը նոր գրասենեակներ կը բանայ Մեքսիքոյի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ։


Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն վատիկանեան կազմակերպութիւնը հաղորդած է որ երկու նոր կեդրոններ բացած է։ Մէկը Մեքսիքոյի մէջ եւ միւսը հարաւային Քորէայի մէջ։ Այս վերջին կեդրոնով Վատիկանի բարեսիրական կազմակերպութիւնը կ'ունենայ 19 գրասնեակներ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերու մէջ։
Վերոյիշեալ կազմակերպութիւնը յառաջիկայ 12 մայիսին գիտաժողով մը կը կազմակերպէ Մալթայի մէջ ''կրօնական ազատութիւն'' նիւթին մասին։ Գիտաժողովին մասնակցող մասնագէտները պիտի պարզեն հարստահարուած ու հալածուած Եկեղեցւոյ կացութիւնը Միջին Արեւելքի ու Ափրիկեան ցամաքամասի կարգ մը երկիրներուն մէջ։
Նշենք, որ Տառապող Եկեղեցւոյ օգնութիւն վատիկանեան կազմակերպութեան կեդրոնը կը գտնուի Գերմանիա եւ 65 տարիէ ի վեր այս կազմակերպութիւնը օգնութեան կը հասնի տառապող եկեղեցիներուն, շնորհիւ իր առատաձեռն բարերարներուն։
Ներկայիս կազմակերպութիւնը ունի շուրջ 600.000 բարերար։ 2012-ին կազմակերպութիւնը իր բարերարներէն ընդունած է 91,2 միլիոն եւրօ, որոնց շնորհիւ նեցուկ կը կանգնի աւելի քան 5.000 ձեռնարկներու։








All the contents on this site are copyrighted ©.