2014-03-15 09:35:53

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի Սուրբ Երկիր կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան կարգախօսը` ''Որպէսզի ամէնքը մի ըլլան''։


Յառաջիկայ 24-26 մայիս, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Սուրբ Երկրիր։ Ճամբորդութեան կարեւոր հանգրուաններն են համամիութենական աղօթք Ս. Թաղման տաճարին մէջ, ներկայութեամբ Կ.Պոլսոյ Պատրիարք Բարդողոմիոս Ա.-ին, ինչպէս նաեւ ընթրիք մը սուրիացի գաղթականներուն հետ։ Երեք օր տեւող հակիրճ ճամբորդութիւնը պիտի ընդգրկէ Յորդանանը, Իսրայէլն ու Պաղեստինը։
Ճամբորդութեան կարգախօսն է ''որպէսզի ամէնքը մի ըլլան''։ Յայտնենք որ վերոյիշեալ ճամբորդութիւնը տեղի պիտի ունենայ 50 տարիներ առաջ տեղի ունեցած պատմական հանդիպումի տարեդարձին առթիւ ։ Արդարեւ 50 տարի առաջ, 4-6 յունուար 1964, Պօղոս Զ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարած էր Ս. Երկրին ու պատմական հանդիպում ունեցած էր Կ.Պոլսոյ Աթենակորաս պատրիարքին հետ, որպէս նշան թէ կաթողիկէ եկեղեցւոյ կամքն է վերջ դնել անցեալի թշնամութեան ու անտարբերութեան եւ երկխօսութեան նոր դարաշրջան մը բանալ։ Հանդիպումը տեղի ունեցած էր հոն ուր Քրիստոսի փառաւորեալ խաչը բարձրացաւ` Երուսաղէմի մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.