11 Ապա ըսաւ. «Մարդ
մը ունէր երկու որդի: 12 Անոնցմէ *կրտսերը ըսաւ հօրը. “Հա՛յր, տո՛ւր ինծի [քու] ունեցածէդ
[ինծի] վիճակուելիք բաժինը”: Ան ալ բաժնեց անոնց [իր] ունեցածը: 13 Շատ օրեր չանցած`
կրտսեր որդին ժողվեց բոլոր բաները, *մեկնեցաւ հեռաւոր երկիր մը, ու հոն փճացուց իր ունեցածը`
անառակութեամբ ապրելով: 14 Երբ ծախսեց ամէնը` սաստիկ սով մը եղաւ այդ երկրին մէջ,
եւ ինք սկսաւ կարօտութեան մէջ ըլլալ: 15 Ուստի գնաց` այդ երկրին քաղաքացիներէն մէկուն
քով մտաւ. ան ալ իր արտը ղրկեց զայն` խոզ արածելու համար: 16 Կը ցանկար խոզերուն կերած
եղջիւրէն իր փորը լեցնել, բայց ո՛չ մէկը կու տար անոր: 17 Եւ ինքնիրեն գալով` ըսաւ.
“Քանի՜ վարձկաններ կան հօրս [տունը`] հացով լիացած, ու ես հոս սովամահ կը կորսուիմ: 18
Կանգնիմ, երթամ հօրս քով եւ ըսեմ անոր. «Հա՛յր, մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, 19
եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու. ըրէ՛ զիս վարձկաններէդ մէկուն պէս»”: 20 Ուստի
կանգնեցաւ ու գնաց իր հօր քով: Մինչ ինք դեռ շատ հեռու էր` հայրը տեսաւ զայն եւ գթաց.
վազելով` անոր վիզին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զայն: 21 Որդին ալ ըսաւ անոր. “Հա՛յր,
մեղանչեցի երկինքի դէմ ու քու առջեւդ, եւ ա՛լ արժանի չեմ քու որդիդ կոչուելու”: 22
Բայց հայրը ըսաւ իր ծառաներուն. “Հանեցէ՛ք առաջին պարեգօտը եւ հագցուցէ՛ք անոր, մատանի՛
դրէք անոր ձեռքը ու կօշիկներ` անոր ոտքերը: 23 Եւ բերէ՛ք պարարտ զուարակը, մորթեցէ՛ք,
ուտե՛նք ու զուարճանա՛նք. 24 որովհետեւ այս որդիս մեռած էր` եւ վերապրեցաւ, կորսուած
էր` ու գտնուեցաւ”: Եւ սկսան զուարճանալ: 25 Անոր երէց որդին արտն էր. երբ եկաւ ու
մօտեցաւ տան, լսեց նուագարաններու եւ պարերու ձայնը, 26 ու իրեն կանչելով ծառաներէն
մէկը` հարցափորձեց թէ ի՛նչ էր այդ: 27 Ան ալ ըսաւ անոր. “Եղբայրդ եկաւ, ու հայրդ մորթեց
պարարտ զուարակը, որովհետեւ ողջ առողջ վերստացաւ զայն”: 28 Իսկ ինք բարկացաւ եւ չէր
ուզեր ներս մտնել. ուստի իր հայրը դուրս ելլելով` կ'աղաչէր անոր: 29 Ան ալ պատասխանեց
[իր] հօր. “Ահա՛ այսչափ տարի է` որ կը ծառայեմ քեզի, ու բնա՛ւ քու պատուիրանդ զանց չըրի.
սակայն երբե՛ք ուլ մը չտուիր ինծի` որ զուարճանայի բարեկամներուս հետ: 30 Բայց երբ
եկաւ այդ որդիդ` որ լափեց քու ունեցածդ պոռնիկներու հետ, մորթեցիր անոր պարարտ զուարակը”: 31
Ան ալ ըսաւ անոր. “Որդեա՛կ, դուն միշտ ինծի հետ ես, ու ամբողջ ունեցածս քո՛ւկդ է: 32
Սակայն պէտք էր զուարճանալ եւ ուրախանալ, որովհետեւ այս եղբայրդ մեռած էր` ու վերապրեցաւ,
կորսուած էր` եւ գտնուեցաւ”»: