2014-03-14 10:21:31

Մինսկի Նախագահները գոհ են Արցախի հարցով վերջին բանակցութեանց արդիւնքներէն


ԵՐԵՒԱՆ, «ՓանԱրմինիըն».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա), Ճէյմզ Ուորլիք (Միացեալ Նահանգներ) ու ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք Փետրուար 22էն Մարտ 11 երկարող օրերուն Փարիզի ու Մոսկուայի մէջ շարք մը հանդիպումներ ունեցած են, ներառեալ՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդվարդ Նալբանդեանի ու Էլմար Մամետեարովի հետ: Մարտ 11ին միջնորդները բանակցած են նաեւ ռուս պաշտօնատարներու հետ:
Այս հանդիպումներուն մասին տարածուած հաղորդագրութեան մէջ շեշտուած է, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպումներուն ընթացքին, կողմերը շարունակած են աշխատիլ 2013ի Նոյեմբերին Վիեննայի մէջ կայացած նախագահներ Սարգսեանի ու Ալիեւի հանդիպումին բարձրացուած հարցերուն ուղղութեամբ: Նախարարները պատրաստակամութիւն յայտնած են լուծելու այդ հարցերը եւ շարունակելու բանակցային գործընթացը:
Միջնորդները կարեւոր նկատած են գործակցութեան պատրաստակամութիւնը ու բարձրագոյն մակարդակով բանակցութիւններու շարունակականութիւնը՝ աւելցնելով, որ կը պատրաստուին Ապրիլին դարձեալ տարածաշրջան այցելել:
Աւելի ուշ, «Թուիթըր»ի իր էջին վրայ գրելով՝ ամերիկացի համանախագահ Ուորլիք կարեւոր նկատած է Մոսկուայի բանակցութիւնները: «Ամերիկա, Ռուսիա եւ Ֆրանսա պիտի շարունակեն աշխատիլ խաղաղութեան հասնելու ուղղութեամբ: Պատիւ ունեցած եմ հանդիպելու ռուս դիւանագէտ Վլատիմիր Քազիմիրովի հետ (ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահը 1992-1996 թուականներուն), որուն ջանքերը բանակցային գործընթացին մէջ երկար ժամանակ պիտի յիշուին», գրած է Ուորլիք:
Նշենք, որ Մարտ 11ին Նալբանդեան հանդիպած էր համանախագահներուն հետ, իսկ անկէ մէկ օր առաջ, Մամետեարով նման հանդիպում մը ունեցած էր:







All the contents on this site are copyrighted ©.