2014-03-14 13:17:05

Մէկ շաբաթ Հոգեւոր կրթութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը վերադարձաւ Վատիկան


Ուրբաթ 14 փետրուարի առաւօտեան վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի եւ Վատիկանի Վերին կառավարութեան, անցեալ 9 մարտի երեկոյեան սկիզբ առած Հոգեւոր Կրթութիւնը, Արիչչայի` Պօղոսեան միաբանութեան պատկանող ''Աստուածային Վարդապետի Տուն'' կեդրոնին մէջ։
Ֆրանչիսկոս Պապը եւ իրեն ընկերացող 83 եկեղեցականները, Հոգեւոր կրթութեան վերջին մտածականի աւարտին, հանրակառքով վերադարձան Վատիկան ուր ժամանեցին կէսօրուայ մօտ։
Յայտնենք որ, այսօրուընէ կը վերսկսին Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պաշտօնական գործունէութիւնները։ Արդարեւ Ան` յառաջիկայ կիրակի, 16 մարտի յետմիջօրէին, պիտի այցելէ Հռոմի մէկ արուարձանի` Կուիտոնիա թաղապետութեան ժողովրդապետութիւնը, ուր պատարագ պիտի մատուցանէ ''Աղօթքի Տիրամօր'' նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։
Կուիտոնիայի ժողովրդապետութիւնը հիմնուած է 1989-ին ու անոր կլորաձեւ նոր եկեղեցին օծուած է 2002-ին։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի այս հովուական այցելութիւնը, Հռոմի թեմի ժողովրդապետութիւններու կատարած հինգերորդ այցելութիւնը կը հանդիսանայ։ Նորին Սրբութեան Հռոմի թեմի Ժողովրդապետութիւններու կատարած առաջին այցելութիւնը հանդիսացաւ ''Սրբուհի Եղիսաբէթ եւ Սուրբ Զաքարիոսի անուամբ ժողովրդապետութեան այցը` 26 մայիս 2013-ին, Ան ապա 1 դեկտեմբեր 2013-ին այցելեց Աղեքսանդրիոյ Սուրբ Կիւրեղի ժողովրդապետութիւնը. 19 յունուար 2014-ին` Յիսուսի Սուրբ Սրտի ժողովրդապետութիւնը, 16 փետրուար 2014-ին` Սուրբ Թովմաս առաքեալի ժողովրդապետութիւնը իսկ 6 յունուար 2014-ին Քահանայապետը այցելեց Սուրբ Ալֆոնսիոս Մարիա Տէ Լիկուորիիի ժողովրդապետութեան շարժուն մսուրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.