2014-03-14 08:53:37

Լիբանան, Ռայի Պատրիարքը Պըրրիի եւ Սալամի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կը կատարէ


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ վարչապետ Թամմամ Սալամի հետ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութիւններուն ընթացքին Ռայի պատրիարքը քննարկեց կառավարութեան վերաբերող շարք մը հարցեր, ինչպէս նաեւ ընդգծեց լիբանանեան պետութիւնը փրկելու եւ ազգային շահերը ապահովելու ի խնդիր ջանքեր թափելու կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը Պքերքէի մէջ ընդունեց աշխատանքի եւ տնտեսութեան ու առեւտուրի նախարարներ Սըժաան Քազզին եւ Ալեն Հաքիմը, որոնց հետ քննարկեց երկրին իրադարձութիւնները:
Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Շարլ Ռըզք եւ Իպրահիմ Տահեր:







All the contents on this site are copyrighted ©.