2014-03-14 08:43:18

Թուրքիոյ մէջ մտադիր են շարք մը եկեղեցիներ վերականգնել


«Հայ Թերթ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութիւնը որոշած է վերականգնել Թուրքիոյ տարածքին գտնուող շարք մը եկեղեցիներ: Լայնածաւալ ծրագիրին նպատակը զբօսաշրջութեան զարգացումն է:
Եկեղեցիներ պիտի վերանորոգուին Իզմիրի, Ատանայի, Էրզրումի եւ Արդուինի մէջ:
Վերակառուցուելիք պատմական շինութիւններուն շարքին են նաեւ վանական համալիրներ, մենաստաններ:
Թուրք պաշտօնեաները համոզուած են, որ քրիստոնէական պատմական շինութիւններու վերակառուցման իբրեւ արդիւնք էապէս պիտի աւելնայ կրօնական նպատակներով Թուրքիա այցելողներու թիւը եւ զբօսաշրջութիւնը շահ պիտի ապահովէ







All the contents on this site are copyrighted ©.