2014-03-14 08:34:16

«Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը հարցականի տակ չի կրնար առնուիլ», ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտնեց, որ իր երկիրը Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած տագնապին համար այպանելի չէ: Ան յայտարարեց. «Ուքրանիոյ տագնապը ներքին բնոյթի է եւ Ռուսիա ատոր հետ որեւէ կապ չունի»:
«Ռուսիա (Ուքրանիոյ մէջ. «Ա.») ձեւաւորուած պայմաններուն ստեղծման նախաձեռնողը չէր»:
Սակայն Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել գերմանական խորհրդարանին առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ պնդեց, որ Ռուսիա դրացի Ուքրանիոյ տկարութիւնը կը շահագործէ, փոխանակ իբրեւ կայունութեան գործընկեր մը վարուելու: Ան սպառնաց, որ Եւրոպական Միութիւնը մագլցողական քայլերու շարք մը կրնայ որդեգրել, եթէ Ռուսիա Ուքրանիոյ մէջ լարուածութիւնը չմեղմացնէ:
«Եթէ Ռուսիա անցնող շաբաթներու ընթացքը շարունակէ, ատիկա Ուքրանիոյ համար միայն աղէտ մը պիտի ըլլայ», ըսաւ Գերմանիոյ վարչապետը` աւելցնելով. «Մենք` իբրեւ Ռուսիոյ եւս դրացիներ, զայն միայն սպառնալիք պիտի չտեսնենք, եւ ատիկա ոչ միայն Եւրոպական Միութեան Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնը պիտի փոխէ: Ո՛չ, ատիկա նաեւ Ռուսիոյ պիտի հասցնէ մեծ վնաս` տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս»:
«Ուքրանիոյ հողային ամբողջականութիւնը հարցականի տակ չի կրնար առնուիլ», ըսաւ ան:
Ռուսիոյ տնտեսական զարգացման փոխնախարար Ալեքսէյ Լիխաչիով յայտնեց, որ Ռուսիա չի բացառեր Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպական Միութեան կողմէ հաստատուելիք պատժամիջոցներուն պատասխան պատժամիջոցներու որդեգրումը: «Մենք պատրաստ ենք իրադարձութիւններու որեւէ զարգացման, կ՛աշխատինք բոլոր տարբերակներուն ուղղութեամբ: Սակայն յոյս ունինք, որ անոնք ըլլան քաղաքական պատժամիջոցներ եւ ոչ թէ որոշ առեւտրատնտեսական որոշումներու լայն շարք: Մենք պիտի գործենք հայելային եղանակով», յայտարարած է ան:
Պիելոռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն աղբիւր մը «Ռաշա Թուտէյ»-ին յայտնեց, որ ռուսական օդուժը Պիելոռուսիոյ «Պոպռույսք» զինուորական օդանաւակայան ուղարկած է 6 «Սուխոյ-27» տիպի կործանիչ եւ 3 պատերազմական օդանաւեր:
Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ մէկ օր առաջ իր երկրին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած էր. «Պիելոռուսիան պատշաճ պատասխան պիտի տայ ՕԹԱՆ-ի ուժերու` երկրի սահմաններուն մօտ ամրապնդման»` աւելցնելով. «Պիելոռուսիան Ռուսիոյ պիտի առաջարկէ լրացուցիչ 15 օդանաւ տեղակայել երկրին մէջ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.