«Հալէպի Առաջնորդները առեւանգող կողմը տարբեր է մայրապետները առեւանգող խմբաւորումէն»
յայտնեց Ապպաս Իպրահիմ
Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ
Հալէպի առաջնորդներ Իպրահիմ Եուհաննա եւ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները առեւանգող կողմը
տարբեր է մայրապետները առեւանգող խմբաւորումէն` աւելցնելով, որ եպիսկոպոսներուն թղթածրարը
աւելի բարդ է, սակայն այդ իմաստով աշխատանք կը տարուի: Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ
առեւանգող կողմին հետ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` նկատել տալով միաժամանակ, որ
անհրաժեշտ է մօտիկ ապագային լուծել նաեւ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարը: Ան
հաստատեց, որ մայրապետներուն ազատ արձակումը կատարուած է շնորհիւ այդ առնչութեամբ ընթացած
լուռ աշխատանքին, գաղտնապահութեան, Լիբանանի ու Սուրիոյ նախագահներ զօր. Միշել Սլէյմանի
եւ Պաշշար Ասատի ցուցմունքներուն ու տրամադրած դիւրութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաթարեան
կողմին բանեցուցած ճնշումներուն: