2014-03-13 13:09:18

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հեռագիրը գերապայծառ Ալվարօ Բորդիլլոյի մասին կազմակերպուած գիտաժողովին մասնակցողներուն։


12-14 մարտ 2014, Հռոմի Ս. Խաչ Քահանայապետական համալսարանը գիտաժողով մը կը կազմակերպած է գերապայծառ Ալվարօ Բորդիլլոյի անձին ու անոր պատմական դերին մասին Օբուս Տէյի կոչուած միաբանութեան մէջ։
Այս առթիւ, Ս. Աթոռի պետական քարտուղար` Կարտինալ Փարոլին, յանուն Սրբազան Քահանայապետին հեռագիր մը ուղղած է գիտաժողովի մասնակցողներուն։
Գերապայծառ Ալվարօ Բորդիլլոյի ծննդեան առաջին ամեակի առթիւ, Սրբազան Քահանայապետը հեռագիրին մէջ, կը մատնանշէ անոր սրբակենցաղ օրինակելի կեանքին ու հաւատարմութիւնը Օբուս Տէյի կոչուած միաբանութեան հիմնադիրին հանդէպ։
Ան իր բոլոր կեանքը նուիրեց Աստուծոյ փառքին ու Եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Նշենք թէ գերապայծառ Ալվարօ Բորդիլլոյ եղած է առաջին ռեկդորը ս. խաչ քահանայապետական համալսարանի եւ յառաջիկայ 27 սեպտեմբերին երանելի պիտի հռչակուի։







All the contents on this site are copyrighted ©.