2014-03-13 10:12:12

Պատանիի մը մահը վերակենդանացուց «Կեզի»ի ցոյցերը։


Թուրքիոյ կառավարութեան դէմ բողոքի ահաւոր ալիքը, որ Թաքսիմի «Կեզի» հանրապարտէզի ցոյցերով սկսած էր, Երեքշաբթի, Մարտ 11ին արձանագրեց իր մագլցումներէն մէկը եւս, երբ Պոլսոյ զանազան թաղերուն, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն մէջ բողոքի ցոյցեր ու ապահովութեան ուժերու հետ բախումներ պատահեցան, պատանի Պերքին Էլվանի մահուան առիթով։
Անցեալ տարուան Յունիսին, 14 տարեկան Էլվան հաց գնելու նպատակով փողոց ելած էր, «Կեզի»ի ցոյցերուն ընթացքին գլուխէն վիրաւորուած ոստիկաններու կողմէ ու մտած էր մահաքունի մէջ: Ան 269 օր պայքարած էր, սակայն մահացած էր Երեքշաբթի օր:
Էլվան «Կեզի»ի ցոյցերուն նոր խորհրդանշան մը դարձաւ. ամէնուրեք ցուցարարներ, անոր յիշատակը ոգեկոչելու ու անոր իրաւունքները պաշտպանելու կարգախօսներով փողոց իջան ու դարձեալ «Կեզի»ի մէջ հաւաքուիլ փորձեցեցին։ Ոստիկաններ՝ տեղ-տեղ միջամտեցին եւ քայլարշաւներու արգելք հանդիսացան՝ բախումներ պատճառելով:
Պեշիկթաշի մէջ եւս ցուցարարներ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ընտրական կեդրոնի ապակիները կոտրեցին՝ Էլվանի նկարները պարզելով։
Զանազան հաստատութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները ճառախօսութիւններ ըրին՝ ոգեկոչելով Պերքին Էլվանը։
Թուրքիոյ կառավարութիւնը դժուար օրեր կ՛ապրի քաղաքապետական ընտրութիւններուն նախորդող այս օրերուն ստեղծուած ծանր պայքարներուն պատճառաւ։ Կարելի է ըսել, որ Թուրքիոյ մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւնները երբեք այսքան նպաստաւոր մթնոլորտ չէին գտած՝ իշխող կուսակցութիւնը ցնցելու համար։
Շատեր արդէն կը պնդէին, թէ «Կեզի»ի ցոյցերը իշխանութեան վախճանին սկզբնաւորութիւնն էին։ Կառավարութեան դէմ անհանդուրժողութիւնը ամէն օր կը հրահրուի երեք ընդդիմադիր կուսակցութիւններու առաջնորդներուն գրգռիչ ճառախօսութիւններով։
Միւս կողմէ, նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, անդրադառնալով վերջին քանի մը օրերուն տեղի ունեցած մեծ թիւով բանտարկեալներու ազատ արձակման՝ քննադատեց Թուրքիոյ դատարանները, որոնք այսքան երկար տարիներու ընթացքին վճիռներ չեն արձակած, ինչի հետեւանքով՝ ազատ արձակուած են ահաւոր ոճիրներու ամբաստանեալները։ «Կարգ մը ազատ արձակումներու համար կ՛ուրախանանք, բայց միւս կողմէ անընդունելի կը գտնենք, որ դատարանները այսքան կ՛երկարաձգեն դատավարութիւնները», ըսաւ Կիւլ:
Նշենք, որ «Էրկենեքոն»ի գլխաւոր ղեկավարներէն մէկը նկատուող զօր. Վելի Քիւչիւք եւ չորս այլ զինուորականներ եւս ազատ արձակուեցան Մարտ 11ին, Թուրքիայէն դուրս չելլելու պայմանով:








All the contents on this site are copyrighted ©.