2014-03-13 10:12:05

Պայթում մը 2 զոհ խլեց Նիւ Եորքի մէջ


ՆԻՒ ԵՈՐՔ, «Էյ.Փի.».- Մենհեթընի Հարլըմ շրջանին մէջ Չորեքշաբթի, Մարտ 12ին տեղի ունեցած ուժգին պայթում մը եւ անոր պաճտառով յառաջացած հրդեհը առնուազն երկու զոհ եւ 22 վիրաւորներ պատճառեցին: Վիրաւորներէն առնուազն երկուքը ծանր վիճակի մէջ կը գտնուին: Պայթումին հետեւանքով քանդուած են երկու շէնքեր, որոնց փլատակներուն տակ վերապրողներ գտնելու աշխատանքը կը շարունակուի: Կը կարծուի, որ պայթումը պատահած է բնական կազի արտահոսքի հետեւանքով:







All the contents on this site are copyrighted ©.