2014-03-13 10:08:46

Հայաստան ողջունեց Փերինչեքի հարցով դատական վճիռը բողոքարկելու Զուիցերիոյ նախաձեռնութիւնը։


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար Տիգրան Բալայեան, պատասխանելով «Արմինֆօ» լրատու գործակալութեան` Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Տողու Փերինչեքի գործով որոշումը բողոքարկելու Զուիցերիոյ նախաձեռնութեան մասին հարցումին, յայտնած է, որ Հայաստան կ՛ողջունէ այդ նախաձեռնութիւնը:
«Մենք կ՛ողջունենք Զուիցերիոյ որոշումը` հայցելու Տողու Փերինչեքի գործին փոխանցումը Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի Գերագոյն պալատի վերանայման:
«Ցեղասպանութեան ոճիրի ժխտողականութեան դէմ պայքարին մէջ հետեւողականութիւնը կարեւոր դերակատարութիւն ունի մարդկութեան դէմ նոր յանցագործութիւններու կանխարգիլման գործին մէջ», ըսած է Բալայեան:







All the contents on this site are copyrighted ©.