2014-03-13 11:59:04

Արժանթինի եկեղեցին կը տօնախմբէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաջին տարուայ քահանայապետութիւնը։


Արժանթինայի եպիսկոպոսական դասի մնայուն յանձնախումբը հակիրճ պատգամ մը հրապարակած է ֆրանչիսկոս Քահանայապետին առաջին տարուայ քահանայապետութեան առթիւ, որով կը յիշեցնէ որ Պերկոլիոյ Քահանայապետին ընտրութիւնը եւ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի հրաժարումի խոնարհ ու յանդուգն ժէսթը կը կազմեն մէկ եւ նախախնամական դէպք մը, որուն համար գոհութիւն մատուցանելու ենք Տիրոջ։
Եկեղեցւոյ ու աշխարհի շնորհած Աստուծոյ այս պարգեւը մեր սիրտը ցնծութեամբ կը լեցնէ ու մեզ կը կանչէ վեհանձն ու հաստատ պատասխան տալու եւ ամէն օր աղօթելու Սրբազան Հօր համար, ինչպէս ինք մեզմէ կը խնդրէ։
Պատգամին մէջ եպիսկոպոսները կը խոստանան ընթանալ ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Ուրախութեան Աւետարան'' առաքելական յորդորի լոյսոին տակ։
Նշենք որ այսօր, 13 մարտ 2014, Արժանթինի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ պատարագ կը մատուցուի Սրբազան Քահանայապետի դիտաւորութեամբ։ Երեկոյեան ժամը 8-ին Պուէնոս Այրեսի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ կարտինալ Բոլի` մայրաքաղաքին առաջնորդը, գոհաբանական պատարագ կը մատուցէ։ Իսկ մայրաքաղաքի Յիսուսի ս. սրտի կաթողիկէ համալսարանը կազմակերպած է շարք մը դասախօսութիւններ, բանակցութիւններ եւ կլոր սեղաններ ներշնչուած ֆրանչիսկոս Քահանայապետի ''Ուրախութեան Աւետարան'' առաքելական յորդորէն, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն, կարտինալ Բոլի, Սուրբ Աթոռի առաքելական դեսպանը եւ այլ բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ։







All the contents on this site are copyrighted ©.