2014-03-12 10:08:18

Քերրի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին յայտնեց, որ Խրիմի մէջ Ռուսիոյ զինուորական միջամտութիւնը որեւէ բանակցութիւն կատարելը դժուարացուցած է:


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ իր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց, որ «անհրաժեշտ է յարգել Խրիմի բնակչութեան ինքնորոշման իրաւունքը»: Երկու նախարարները համաձայնեցան շարունակելու ուքրանական հարցին շուրջ քննարկումները:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի մերժեց հանդիպում ունենալու Ռուսիոյ նախագահի առաջարկը, մինչեւ որ Մոսկուա Ուքրանիոյ տագնապին վերաբերեալ ամերիկեան առաջարկներուն ուղղութեամբ քայլեր առնէ:
Քերրի իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովին յայտնեց, որ Խրիմի մէջ Ռուսիոյ զինուորական միջամտութիւնը որեւէ բանակցութիւն կատարելը դժուարացուցած է:
Ռուսիա երկուշաբթի օր յայտնած էր, որ տագնապը բանակցութեան ճամբով լուծելու ամերիկեան ծրագիրին հակաառաջարկներ կը պատրաստէ:
Ամերիկացի պաշտօնատարներ կ՛ընդգծեն, որ եթէ Խրիմի մէջ Ռուսիոյ միանալու հարցին շուրջ 16 մարտին նախատեսուած հանրաքուէն տեղի ունենայ, խօսելու տեղ պիտի չմնայ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի յայտնեց, որ «Միացեալ Նահանգներ կարիքը ունին տեսնելու շօշափելի փաստեր, որ Ռուսիա պատրաստ է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ուղղակի երկխօսութիւնը դիւրացնելու մեր դիւանագիտական առաջարկներուն վրայ աշխատելու եւ տագնապի լարուածութիւնը մեղմացնելու համար կապի խմբակի նման միջազգային մեքանիզմներ օգտագործելու»:
«Քերրի արտաքին գործոց նախարար Լաւրովին յստակ դարձուց, որ ինք պիտի ողջունէ Ուքրանիոյ մէջ տագնապը մեղմացնելու շուրջ յաւելեալ քննարկումներ, եթէ եւ երբ շօշափելի փաստ տեսնենք, որ Ռուսիա պատրաստ է առաջարկներուն վրայ աշխատելու»:
Ուաշինկթըն կը յայտնէ, որ ռուսական կողմը տակաւին Քերրիի Լաւրովի փոխանցած հարցումներուն պաշտօնական պատասխաններ չէ ստացած: Ամերիկեան կողմը մասնաւորաբար կը հարցնէ, եթէ Մոսկուա պատրաստ է ուքրանական նոր կառավարութենէն պաշտօնատարներու հետ հանդիպելու:
Լաւրով նախագահ Փութինին պատկերասփռուած զեկուցում մը ներկայացնելով յայտնեց, որ Քերրիի առաջարկները «անյարմար» են, որովհետեւ «յեղաշրջումով ստեղծուած կացութիւնը իբրեւ մեկնակէտ» նկատի կ՛ունենան:







All the contents on this site are copyrighted ©.