2014-03-12 11:17:37

Թուրքիոյ մէջ հակակառավարական ցոյցեր եւ ոստիկաններու հետ բախումներ տեղի ունեցած են


Անգարայի, Սթամպուլի, Անթալիոյ եւ Թուրքիոյ շարք մը այլ քաղաքներու մէջ ամբողջ գիշեր հակակառավարական ցոյցեր տեղի ունեցած ենբ: Պատճառը 15-ամեայ դեռահաս Պերքին Էլվանի մահն է: Այս մասին կը հաղորդէ yerkirmedia.am-ը:
Անցեալ տարի ամրան Կեզի զբօսայիի պահպանման աջակցող ցոյցերու ժամանակ ան ան գլուխէն վիրաւորուած էր: Էլվանը ոստիկաններու եւ ցուցարարներու միջեւ բախումներու կիզակէտին պատահաբար յայտնուած էր. խանութ երթալու ճանապարհին ոստիկաններու արձակած արցունքաբեր կազի սրուակներէն մէկը դպած էր անոր գլխուն: Տղան 269 օր մնացած է քոմայի մէջ եւ՝ մահացած:
Անգարայիեւ Սթամպուլի մէջ բողոքի ցոյցերը ցուցարարներու եւ ոստիկաններու միջեւ բախումներու վերածուած են: Ցոյցներուն մասնակիցները պահանջած են վարչապետ Ռեճեփ Էրտողանի եւ նախարարներու հրաժարականը, այրած են Էրտողանի լուսանկարով նախընտրական պաստառը: Իրաւապահները ամբոխը ցրուելու համար կազային նռնակներ եւ ջրցան մեքենաներ կիրառած են: “Հիւրիէթ տէյլի նիւզը” կը յայտնէ, որ միայն Սթամպուլի մէջ առնուազն 45 ձերբակալուած կայ:







All the contents on this site are copyrighted ©.