2014-03-12 09:31:57

Արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսայի քառասնորդացի հովուական պատգամը


Աղեքսանդրիոյ հայ կաթողիկէ թեմի առաջնորդ արհի. տէր Օգոստինոս եպս. Գուսա հովուական պատգամ մը կ'ուղղէ հաւատացեալներուն Քառասնորդացի առիթով: Գերապայծառ Տէրը իր պատգամին մէջ կ'ընդգծէ ծոմի կարեւորութիւնը քրիստոնեայ անհատի կեանքին մէջ, զայն համարելով որպէս վերածնունդի հրաւէր մը, որ կ'իրագործուի ապաշխարութեամբ եւ զղջումով: Ան նաեւ կը յիշէ Սուրբ Հոգին, որ միշտ ներկայ է իւրաքանչիւրի կեանքին մէջ, եւ զինք կ՚ուղղէ դէպի ապաշխարութիւն ու ետդարձ, որոնք պայման են ծոմի շրջանին: Իր պատգամի աւարտին, գերապայծառ տէրը կը հաստատէ ծոմապահութեան խոր իմաստը. վերադառնալ մեր խղճին՝ զղջումով ու խոստովանելով, հաշտուելու համար Աստուծոյ եւ մարդոց հետ:







All the contents on this site are copyrighted ©.