2014-03-11 09:34:13

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին Քորէայի հանրապետութեան առաքելական ճամբորդութիւնը 14 – 18 օգոստոս 2014։


Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, երկուշաբթի 10 մարտին, յայտարարեց թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յառաջիկայ օգոստոս ամսոյն 14 – 18-ը առաքելական ճամբորդութիւն պիտի կատարէ Քորէական թերակղզիին Ասիայի Երիտասարդաց 6-րդ Հաւաքի առթիւ որ տեղի պիտի ունենայ Տայժէոնի թեմին մէջ։
Ի պատրաստութիւն այդ ճամբորդութեան, վատիկանեան մէկ պատուիրակութիւն մը այցելութիւն կատարած է այն վայրերուն ուր Սրբազան Հայրը մտադիր է այցելել։
Առաքելական ճամբորդութեան նախնական յայտագրին համաձայն, Նորին Սրբութիւնը Հարաւային Քուրիայի Սէուլ մայրաքաղաքը ժամանելուն պաշտօնական հանդիպումներ պիտի ունենայ երկրի ղեկավարութեան հետ։ Ան ապա պիտի ուղղուի երկրին կեդրոնը` Տայժէոնի (Daejeon) թեմը ուր բացումն ու փակումը պիտի կատարէ Ասիայի երիտասարդութեան օրերուն։ Այդ օրերը ունին որպէս բնաբան ''Ասիայի երիտասարդներ արթուն կեցէք եւ հսկեցէք, նահատակներու փառքը թող ցոլայ ձեր վրայ''։
15 Օգոստոսին, Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը, Նորին Սրբութիւնը պատարագ պիտի մատուցանէ, որուն ընթացքին երանելի պիտի հռչակէ Քուրիացի 124 նահատակներ։
Միջազգային դէտերու գնահատումով ֆրանչիսկոս Քահանայապետին այցելութիւնը Քուրիա կը դրսեւորէ ու կը հաստատէ անոր շահագրգռութիւնը Ասիայի ցամաքամասին։ Նշենք որ Անոր նախորդը` Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը կարելիութիւն չունեցաւ Ասիա այցելել։








All the contents on this site are copyrighted ©.