2014-03-11 14:14:10

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքին
Հայրապետական պատգամը Քառասնորդացի առիթով


«Ան աղքատացաւ, որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատութեամբ» (2 Կորն 8, 9)
Մեր Մայրը սուրբ Եկեղեցին, իմաստնօրէն ցոյց կու տայ մեզի ուղին որ կ‏‏‏'առաջնորդէ դէպի փրկութիւն ու երջանկութիւն, հրաւիրելով մեզ, տարուայ իրերայաջորդ ծիսական առիթներուն, խորհրդածելու այն էական ճշմարտութիւններուն մասին որոնք կը բխին Քրիստոսի հռչակած Աւետարանէն կամ Բարի Լուրէն։
Քրիստոսի հրապարակային կեանքն ու քարոզութիւնը սկիզբ կ'առնեն քառասնօրեայ առանձնութեամբ անապատին մէջ ուր, աղօթքի ու ծոմի ապաշխարութեան առընթեր, ան ինքզինքը կը նուաստացնէ` կամաւորապէս ենթարկուելով սատանային երրեակ փորձութիւններուն։
Ա՛յսպէս կը սկսի Քրիստոսի անմիջական պատրաստութիւնը առաքելական գործունէութեան։ Ա՛յսպէս կը բացուի աւետարանացումի եւ փրկագործութեան խորհուրդին նոր էջը, որ սահմանուած էր յեղաշրջելու աշխարհի պատմութիւնը։
Ի նմանութիւն Քրիստոսի այս գործելակերպին, Եկեղեցին մեր առջեւ կը դնէ քառասուն օրերու ժամանակամիջոց մը`հոգեւոր կեանքի լուրջ բարենորոգում մը կատարելու համար։ Քառասուն օրեր ուր, Քրիստոսի նման, եթէ ոչ մարմնական` գէթ հոգեկան անջատումի ու ամփոփումի մթնոլորտ ստեղծենք մեր մէջ եւ մեր շուրջը, անդրադառնալու համար թէ ինչո՞ւ կ'ապրինք այս աշխարհին մէջ, եւ աւելի ի՞նչ կրնանք ընել` նորոգուած ուժերով դիմակալելու համար մեզի սպառնացող դժուարութիւնները։
Այս քառասուն օրերը, եկեղեցական բառամթերքով ճանչցուած իբր Քառասնորդաց կամ Մեծ Պահքի շրջան, ծիսական նոր տարեսկիզբ մը կը գոյացնեն։ Անոր իմաստն ու նպատակն է` մեզ պատրաստել դէպքի մը որ գագաթնակէտն է քրիստոնէական հաւատքին, այսինքն` Քրիստոսի յաղթանակը մահուան վրայ, նախ իրը` ապա մերինը։ Յարութիւնը քրիստոնեայ մեծագոյն տօնն ըլլալով, մեզմէ կը պահանջէ լուրջ պատրաստութիւն, լիովին յանձնուելով Ամենակալ Աստուծոյ անսահման գթութեան, արժանաւորապէս դիմաւորելու համար այդ եզակի եղելութիւնը։ Եւ այդ կ'ըլլայ միայն բացառիկ միջոցներ ձեռք առնելով։
Եթէ կարենայինք այդ հոգեւոր զարթնումի ու պատրաստութեան աշխատանքին յատկացնել մասնիկ մը միայն այն գուրգուրանքին զոր կը շռայլենք մեր մարմնաւոր բարօրութեան, զգալի բարեփոխում մը կատարուած կ'ըլլար մեր հոգեւոր կեանքին մէջ. այդ` առիթ պիտի ըլլար նաեւ գիտակցելու թէ ի՛նչ կարեւոր դեր ունինք կատարելիք Եկեղեցւոյ մէջ`Աւետարանը սփռելու մեր կեանքի վկայութեամբ, ինչպէս նաեւ ընկերութեան մէջ` արդարութիւնը իրագործելու եւ ճշմարտութեան հետապնդումը յառաջ տանելու համար։
Մեծ Պահքի ընթացիկ ըմբռնումը մեր մտքին առջեւ կը բերէ աւետարանական երեք յորդորները որ սրբութեան առաջնորդող ամէնէն ազդու միջոցները կը նկատուին. աղօթք, ծոմապահութիւն եւ ողորմութիւն։ Դժբախտաբար այս երեք բառերը, բազմիցս յեղյեղուած, հետզհետէ կը կորսնցնեն իրենց ուժականութիւնը։ Ճիշդ է, գիտենք որ աղօթքը միայն Մեծ Պահքի յատուկ պարտաւորութիւն չէ։ Գիտենք նաեւ թէ ծոմ պահելու համար հարկ չկայ Քառասնորդաց շրջանին սպասել։ Գիտենք դարձեալ թէ ողորմութիւն ընելու առիթը չի սահմանափակուիր քառասուն օրերով։ Երեքն ալ քրիստոնէական կատարելութեան հասնելու անփոխարինելի ուղիներ են։ Սակայն, դժբախտաբար, հաւատքը ապրելու եռանդը հաւասարապէս վառ չի մնար մեր մէջ ամբողջ տարուայ ընթացքին։ Հոգեւոր կեանքի աճումին կը սպառնայ մեքենայօրէն կրկնուած, հոգեզուրկ աղօթքը։ Ուստի Եկեղեցին հարկ է սեպէ մերթ ընդ մերթ ցնցել մեզ, մղելով մեզ լուրջ խորհրդածութեան`մեր կեանքին նպատակին մասին` աւետարանական յորդորները յիշեցնելով։ Վերազարթնումի առաջին եւ վճռական քայլն է ատիկա։
Մեծ Պահքը, ի վերջոյ, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ կամքը` թօթափելու հոգեկան թմրութեան վիճակը որ կը ջլատէ մեր ուժերը, հարկը`գէթ տարին անգամ մը հոգեւոր ախտաճանաչում մը կատարելու, կարիքը`մենք զմեզ ինքնաքննութեան ենթարկելու, որպէսզի աւելի լաւ ճանչնանք զԱստուած եւ մենք զմեզ։ Իրապաշտ ու անկեղծ է աս աղօթքը զոր սրբութեան ձգտող հոգի մը կ'ուղղէր Աստուծոյ. «Տէր Յիսուս, ես հեռացած եմ ոչ միայն քեզմէ` այլ նաեւ ինծմէ: Ըրէ որ ճանչնամ իմ ներսս տիրող խաւարը` որպէսզի ցանկամ փնտռել քո՛ւ լոյսդ:
Աստուծոյ մնայուն որոնումը ջանք կը պահանջէ, բայց միաժամանակ ուրախութեան աղբիւր է ան: Զիրար սիրող երկու էակներ ճիգ չեն խնայեր իրենց փոխադարձ սիրոյ ապացոյցը տալու համար: Կը զրկուին շատ մը բաներէ որոնք մէկուն կամ միւսին տհաճութիւն կրնան պատճառել: Իրենց համար շատ բնական է որոշ տառապանքներ յանձն առնել` իրենց սէրը զտելու եւ կատարելութեան հասցնելու համար:
Չենք կրնար նկատի առնել մեր սէրը Աստուծոյ հանդէպ նոյն համեմատութեամբ` եթէ մեզի համար վերացական էակ մը կը ներկայացնէ ան, փոխանակ ըլլալու այն` ինչ որ է իսկապէս. մեր Արարիչը, բայց մանաւանդ մեր Հայրը, ինչպէս որ ինքն իսկ կը սիրէ ճանչցուիլ մեզմէ. Հայր մը որու էութի՛ւնն իսկ կը պահանջէ սիրել իր արարածը եւ գուրգուրալ անոր վրայ` իբր իր հարազատ որդին: Աւետարանը կը սիրէ այս տիտղոսով ճանչցնել զԱստուած մեզի, յատկապէս երբ Յիսուսի բերնով Տէրունական Աղօթքը կը սորվեցնէ մեզի` «Հայր» կոչելով զԱստուած: Առակները աւելի եւս ցայտուն կը դարձնեն պատկերը Հօր` որու սէրն ու ողորմութիւնը չափ ու սահման չեն ճանչնար:
Ասոր համար է որ Եկեղեցին, Մեծ Պահքի այս ծիսական կարեւոր ժամանակաշրջանը աղօթքի ու դարձի ժամանակ հռչակելով, կու տայ մեզի պատկերալից օրինակը Աստուծոյ ողորմութեան ու սիրոյն: Վեց Կիրակիները որ կը բաժնեն մեզ Յարութեան Կիրակիէն, մէկական սքանչելի պատկերներն են այդ աստուածային յատկութիւններուն:
Առաջին Կիրակին կը ներկայացնէ Աստուծոյ արարչագործութեան գլուխ գործոցը, մարդը, որ կը զետեղուի դրախտին մէջ`վայելելու համար անխառն ու անվերջ երջանկութիւնը: Երկրորդ Կիրակին կու տայ ցաւալի պատկերը մարդուն ըմբոստութեան իր Արարչին դէմ եւ արդարացի զրկումը սկսզբնական երջանկութենէն` արտաքսումովը դրախտէն: Երրորդ Կիրակին տպաւորիչ օրինակն է հօր մը սրտին մեծութեան, որ թեւաբաց ու համբոյրներով կ'ողջագուրէ իր մոլորած բայց զղջական անառակ որդին: Չորրորդ Կիրակին կը պատմէ հեռատէս գործելակերպը ճարպիկ տնտեսի մը, որ իր ապագան ապահովելու համար հնարամիտ միջոցներու կը դիմէ: Հինգերորդ Կիրակին առակն է դատաւորի մը, որ երկար ատեն անտեսելէ ետք այրիի մը թախանձանքները` ի վերջոյ տեղի կու տայ անոր պնդումներուն դիմաց եւ կը տեսնէ անոր դատը. օրինակն է այս, Յիսուսի մտքին մէջ` յարատեւ աղօթքի զօրութեան: Վեցերորդ Կիրակին, վերջապէս, առիթ կու տայ Քրիստոսի` ձաղկելու փարիսեցիական կեղծաւորութիւնը եւ դրուատելու ճշմարիտ աստուածասիրութիւնը, որ ցուցամոլութիւն չէ այլ աստուածային պատուէրներուն անվերապահ ապրումը:
Սիրելի հաւատացեալներ, հակառակ այն թիւր ըմբռնումին թէ Եկեղեցին Մեծ Պահքը կը պարտադրէ մեզի իբր տրտմութեան ու թախիծի օրեր, հարկ է որ լաւ ըմբռնենք անոր հարազատ իմաստը եւ ըստ այնմ ապրինք զայն: Մեծ Պահքը, պարզապէս, ամենապատեհ ժամանակն է` ներքնապէս ու խորապէս մաքրուելու եւ վերադառնալու մեր Հօր:
Քրիստոս ի՛նքը ըսած է թէ` «Երբ ծոմ կը պահէք`մի՛ տրտմիք փարիսեցիներուն նման, որոնք խոժոր կերպարանք կ'առնեն… Երբ ծոմ պիտի պահես` օծէ՛ գլուխդ, լուա՛ երեսդ, որպէսզի ծոմդ երեւայ ո՛չ թէ մարդոց` այլ Հօրդ, որ կը տեսնէ քեզ ծածուկին մէջ» (Մտթ 6, 16-18)։ Ճիշդ է որ այսօր մարդիկ չեն մրցիր իրարու հետ` իրենց ծոմապահութեամբ պարծենալու համար: Շատեր, ընդհակառակը, կ'ամչնան ցոյց տալու այդ, ոմանց հեգնանքին առարկան չդառնալու համար։ Եւ սակայն այդ նոյն մտավախութիւնը չունին երբ անթիւ զրկանքներու կ'ենթարկուին`առողջապահական կամ գեղագիտական պահանջքներու գոհացում տալու համար:
Սիրելի հաւատացեալ, Մեծ Պահքը զիս, ամէնքս, հարցադրումներու դիմաց կը դնէ:
Համոզուա՞ծ եմ ես` թէ աղօթքը պարտադիր հրահանգ մը չէ, այլ` կեանքիս էական մէկ մասը, ա՛յնքան անհարժեշտ` որքան սնունդը եւ օդը զոր կը շնչեմ: Կարիք է աւելի քան պարտականութիւն: Իրաւունք ունի՞մ զայն անտեսելու: Քրիստոս ի՛նքը որ, Աստուած ըլլալով, պէտք չունէր աղօթելու, աղօթողի գերազանց օրինակը տուաւ մեզի:
Կը հաւատա՞մ որ երկինքի արքայութիւնը մտնելու համար կ'արժէ որոշ զրկումներու ենթարկուիլ: Խիղճս կը թոյլատրէ՞ որ, ի տես դժնդակ, անմարդկային պայմաններու տակ ապրող հազարաւոր էակներուն, փակեմ աչքերս ու ականջներս, չտեսնելու եւ չլսելու համար անոնց օգնութեան թախանձանքը. այս օրերուս յատկապէս, երբ ականատես ենք մեծ ու փոքր, ծեր ու երեխայ` անթիւ անձերու տառապանքին, որ խլուած իրենց հողէն ու տունէն, լեռ ու ձոր կը թափառին, կտոր մը հաց ու երդիք մը մուրալով:
Քառասնորդաց շրջանը Աստուծոյ շնորհքը եւ ներողութիւնը վերագտնելու բացառիկ առիթն է, եթէ ուզենք հաւատարմօրէն գործադրել Աւետարանին յորդորը. «Ապաշխարեցէ՛ք, որովհետեւ մօտեցած է երկինքի արքայութիւնը» (Մտթ 3, 2):
Չենք կրնար Քառասնորդացի այս օրհնաբեր շրջանը թեւակոխել առանց մտաբերելու, ինչպէս կը յորդորէ մեր սիրելի Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, թէ Քառասնորդացը պատեհ առիթ է տիրանալու հոգեւոր աղքատութեան հոգիին, մերկանալով կարգ մը բաներէ որոնք մեր սրտերը կը խճողեն եւ մեզ գերի կը դարձնեն շատ մը աւելորդ բաներու: Նմանինք Քրիստոսի, որ «աղքատացաւ որպէսզի դուք հարստանաք անոր աղքատութեամբ» (2 Կորն 8, 9):
Կը հայցեմ Սուրբ Հոգիին շնորհքները մեր բոլորին վրայ, որպէսզի այս Մեծ Պահքի օրհնեալ քառասուն օրերը մեզ քայլ մը առաջ տանին դէպի այն կատարելութիւնը զոր Քրիստոս իր կեանքովն ու քարոզութեամբը յանձնարարեց մեզի:

Տուեալ ի Կաթողիկոսական Աթոռոյն որ ի Զմմառ
Յաւուր երկրորդի ամսեանն Մարտի, յամի Տեառն 2014-ի
Ի հնգետասաներորդում ամի Հայրապետութեան Մերոյ
Ի տօնի Բուն Բարեկենդանի

+ Ներսէս Պետրոս ժԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց







All the contents on this site are copyrighted ©.