2014-03-11 10:11:13

Ան որ զԱստուած կը սիրէ պարտի Իրեն պէս ներել


RealAudioMP3 Եթէ եղբայրդ մեղանչէ, յանդիմանէ՛ զինք. եթէ զղջայ, ներէ՛ իրեն: Եթէ օրը եօթն անգամ մեղանչէ քու դէմդ եւ եօթն անգամ գայ եւ ըսէ քեզի ‘Կը զղջամ’, ներէ՛ իրեն: (Ղկ 17, 4)
Այսօրուայ խօսքերուն մէջ կ'անդրադառնանք մեղքին նոր առիթ մը: Սուրբ Գիրքը յաճախ կը խօսի եւ առանց զգուշութեան մեղքի հետեւանքներուն մասին: Մարդս իր սխալին արդիւնքները կրնայ յստակօրէն դիտել միմիայն իր դժուարութեան պարագային ինչպէս նաեւ երբ մեղքը արդարութեան ճամբուն վրայ ըլլայ: Ամէնքս գիտենք որ ամէն մեղք ունի իր հետեւանքները եւ մանաւանդ աղետալի հետեւանքներ: Տէրը մեր աչքերը կը բանայ աւելի նուրբ հետեւանքներուն քան չախչախից օրէնքներուն որոնք մեզ կը տանի դէպի օրինաւոր յարգանքի կամ օրէնքներոն զանցառումի...
Յիսուս մեր ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ կեանքի այն որոշումներուն որոնք կարեւոր են մեր կենցաղին համար, առանց մոռնալու անըսպասելի եւ յաճախակի տպաւորութիւնները մեր խօսքերուն եւ գործերուն:
Քրիստոս կ'ըսէ մեզի թէ մեղքի առիթները աւելի կու գան մարդոցմէ քան արարքներէն: Այս խօսքերը մեզ կը հրաւիրեն լայնօրէն խոկալու մեր խօսքերուն վտանգութեան եւ մանաւանդ մեր գործերուն հետեւանքներուն վրայ: Մեր մեղքերը կրնան ունենալ գէշ օրէնքներ որոնք կարգ մը մարդոց անկումի պատճառ կ'ըլլան:
Սէրը կը շտկէ ու կը ներէ. Կարգ մը աստուածաբաներ կը բնորոշեն զԱստուած որպէս ,ազնիւ եւ բարեգութ: Շատերը մոռցած են իր վեհութիւնը. ,Դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս կատարեալ է ձեր երկնաւոր հայրը (Մտթ 5, 48), ինչպէս նոյնինքն Քրիստոս կ'ըսէ իր Աւետարանին մէջ: Ուրեմն կատարեալ ըլլալ չի կրնար ըլլալ միմիայն մարդկային. Կատարելութիւնը որ պէտք ենք փնտռել նոյնիքն աստուածային է: Ողորմութիւնը յաղթանակ մըն է մեր մէջ, եւ ասոր հասնելու համար, պետք ենք ենթարկուիլ շատ մը փոփոխութիւններու, մանաւանդ ներողմտութեան արարքին որոնք շատ կարեւոր են կատարելութեան ճամբուն վրայ ընթանալու համար:
Երբ մեր սիրտը ողորմութեամբ լեցուի այն ատեն պիտի զգանք Աստուծմէ եկած շնորհքները, այսինքն ստացած ըլլանք Աստուածային ներողամտութիւնն ու գութը, եւ մանաւանդ մեր հոգեւոր կեանքի փոփոխութիւնները: Հոն է որ կը գտնուինք կատարելութեան մէջ: Մեր կեանքի գիրքին էջերուն մէջ կը տեսնենք Աստուծոյ գործը եւ ատով է որ մենք պիտի ձգտինք հասկնալու եւ համոզուելու Աստուծոյ վեհութիւնը, ողորմութիւնն ու սէրը:
Երբ Յիսուս մեզի սորվեցուց թէ միշտ ներողութիւն խնդրելու ենք՝ մեզի յստակօրէն յստակացուց թէ մենք պարտական կիրարկելու ողորմութիւնը եւ ներողամտութիւնը որպէսզի իսկական ներումը շնորհուի մեզի. ,Եթէ դուք չներէք մարդոց, երկնաւոր Հայրն ալ պիտի չներէ ձեզի ձեր յանցանքները (Մտթ 6, 15):
Հոս Յիսուս կը փափաքի մեզ հասցնել փրկութեան եւ ատոր համար մեզի կը յորդորէ կատարեալ կերպով ներելու 77 անգամ 7. այս արարքին առջեւ յստակօրէն նշմարելի է Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ ներումը եւ մարդոց անարդարութիւնը: Քրիստոսի ձեռքերուն, ոտքերուն եւ մարմնոյ վէրքերը փաստեր էին մեր մարդկային վիրաւորական կեցուածքներուն: Կրնանք կրել նաեւ մեր նախկին վէրքերու երաշխէպը: Յիսուս կ'ուզէ մեզմէ որ միշտ մտածենք իր ողորմութեան վրայ, այս յիշատակները մեզի կը տանին քաջ շնորհքներուն որոնք կը կայանան կատարեալ սիրոյ վրայ եւ դառնալու կատարեալ իրեն նման:
Խնդրենք Աստուծմէ այս պահերուն որ մեզի քաջութիւնը տայ անսահմանօրէն ներելու՝ առանց հաշիւի: Ամէն:
Հայր Գէորգ Ծ. Վրդ. Ասատուրեան








All the contents on this site are copyrighted ©.