2014-03-10 12:16:39

Քեթրին Էշթըն առաջին անգամ ըլլալով Թեհրան այցելեց, Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն մը գոյացնելու համար


Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն երէկ առաջին անգամ ըլլալով Թեհրան այցելեց, ուր անջատ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆի, խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիի եւ նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:
Աւելի քան մէկ ժամ տեւած հանդիպումէն ետք Զարիֆ յայտնեց, որ Թեհրանի հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւնը «կրնան գոյացնել չորս կամ հինգ ամիսէն` նոյնիսկ աւելի կարճ ժամանակի ընթացքին»:
Սակայն Էշթըն զգուշացուց, որ «որեւէ երաշխիք չկայ», որ բանակցութիւնները համապարփակ համաձայնութեան մը պիտի առաջնորդեն: «Այս ժամանակաւոր համաձայնութիւնը շատ կարեւոր է, սակայն նոյնքան կարեւոր չէ, որքան համապարփակ համաձայնութիւն մը, (որ)… դժուար է», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Որեւէ երաշխիք չկայ, որ պիտի յաջողինք»:

Իրանեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ Էշթըն այսօր պատմական Սպահան քաղաքը պիտի այցելէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.