2014-03-10 09:26:53

Մաալուլայի Մար Թաքլա Վանքի Մայրապետները ազատ արձակուեցան։


Մաալուլայի Մար Թաքլա վանքի առեւանգուած 13 մայրապետները երէկ ազատ արձակուեցան` սուրիական եւ քաթարեան օժանդակութեամբ Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի վարած բանակցութիւններուն շնորհիւ:
Քաթարի գաղտնի սպասարկութեան պետ Սաաթ Քուպայսի երէկ Պոլիսէն ժամանեց Լիբանան եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Արսալ, ուր ստանձնեց մայրապետները, եւ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան շքախումբը ուղղուեցաւ Ժտէյտեթ Եապուս:
Ապպաս Իպրահիմ Մասնահի սահմանին վրայ դիմաւորեց մայրապետները եւ անոնց ընկերակցեցաւ դէպի Ժտէյտեթ Եապուս, ուր մեծ թիւով հոգեւորականներ, պետական պատասխանատուներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, ինչպէս նաեւ Ռիֆ Տիմաշքի կառավարիչը եւ ամբողջ աշխարհէն լրագրողներ ժամեր շարունակ սպասեցին մայրապետներուն վերադարձին:
Մայրապետները Ժտէյտեթ Եպուս հասան առաւօտեան ժամը 12:50-ին:
Նշենք, որ երեկոյեան շուրջ ժամը 9:30-ին յայտարարուեցաւ, որ բանակցութիւնները ընդհատուած են եւ մայրապետները ազատ արձակելու աշխատանքը ձախողած է:
Կատարուած այս յայտարարութենէն երկու ժամ ետք յայտարարուեցաւ, որ մայրապետները Ուատի Աթայի մէջ յանձնուեցան Լիբանանի Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան պատուիրակութեան:
Կէս գիշերէն առաջ հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ կարճ ընդհատումէ ետք մայրապետները ողջ-առողջ յանձնուած են Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէնութեան:
Իպրահիմ յայտնեց, որ առեւանգողները մետասաներորդ պահուն փորձեցին դուրս գալ համաձայնութենէն, «սակայն մեր պնդումներով եւ կառչածութեամբ կարելի եղաւ վերադառնալ նախկին համաձայնութեան, եւ մայրապետները ազատ արձակուեցան»:
Մինչ սուրիական ընդդիմութիւնը յայտնեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները աւելի քան 150 բանտարկեալի հետ կը փոխանակէ մայրապետները, Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի պատրիարքական օգնական Լուքա Խուրի եպիսկոպոսը շեշտեց, որ մայրապետներուն ազատ արձակումը ոչ մէկ փոխանակումի շրջագիծին մէջ եղած է:
Ան հաստատեց, որ մայրապետները առեւանգող կողմը այլ ելք չունէր, որովհետեւ սուրիական բանակը խստացուցած է Եապրուտի մէջ անոր շուրջ պարտադրած զինուորական օղակը:
Իր կարգին, Ժորժ Հասուանի յայտնեց, որ իմանալէ ետք, թէ Մաալուլայի Մար Թաքլա վանքի մայրապետները Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ առեւանգուած են, փութացած է անմիջապէս կապ հաստատելու այդ կազմաւորումին հետ եւ միջնորդի դերակատարութիւն ստանձնելով Եապրուտի իր երկյարկանի բնակարանը տրամադրած է անոնց` երաշխաւորելու համար մայրապետներուն ապահովութիւնը:
Հասուանի հաստատեց, որ սուրիական իշխանութիւններուն եւ ուղղակիօրէն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի ցուցմունքներով ու հրահանգներով հսկողութիւն կար մայրապետներուն ապահովութեան եւ առողջութեան վրայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.