2014-03-09 11:11:08

Պենանի հանրապետութիւնը կարտինալ Ժան Լու Թոռանին կը շնորհէ ''Աւագ սպայի'' պատւոյ աստիճանը` գնահատելով Անոր կրօններու միջեւ երկխօսութեան համար բերած նպաստը։


Պենանի նախագահը տիար Պոնի Եայի, կարտինալ Ժան Լու Թոռանին` միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետսական խորհուրդին նախագահ, շնորհեց ''Աւագ Սպայի'' ազգային պատւոյ աստիճանը, որպէս գնահատանք կրօններու միջեւ երկխօսութեան ի նպաստ բերած սատարին համար։ Արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախագահական պալատին մէջ։
Յայտնենք որ Կարտինալ Թոռան երեք օրուայ տեւողութեամբ հովուական այցելութիւն կատարած էր Պենան, որուն ընթացքին մասնակցած էր Արեւմտեան Ափրիկէի շրջանի միջկրօնական երկխօսութեան գիտաժողովին։
Երեք օրուայ ժողովը կազմակերպուած էր Վատիկանի ու Պենանի կառավարութեան միացեալ նախաձեռութեամբ։
Կարտինալը յուզումով շնորհակալութիւն յայտնեց Պենանի պետութեան իրեն շնորհած պատւոյն համար, մաղթելով որ Պենանը մնայ միշտ բարոյական ու հոգեւոր մեծ արժէքներու երկիրը։ Նախագահը իր կարգին յայտնեց որ մտադիր է Ս. Աթոռին հետ միասին կազմակերել Միջկրօնական երկխօսութեան միջազգային հաւաք մը։








All the contents on this site are copyrighted ©.