2014-03-08 13:34:36

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի պատգամը, կրօնաւորական հաստատութիւններու եկեղեցական ինչքերու մատակարարումի միջազգային ժողովին առթիւ:


Ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խնդրանքին, Կրօնաւորներու ժողովը Հռոմի Անթոնիանում քահանայապետական համալսարանին մէջ, 8-9 մարտ 2014, կը կազմակերպէ միջազգային գիտաժողով մը ''կրօնաւորական հաստատութիւններու եկեղեցական ինչքերու մատակարարումը'' նիւթին մասին։ Գիտաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 500 կրօնաւորական հաստատութիւններ, եկած աշխարհի չորս ծագերէն։
Այս առթիւ, շաբաթ 8 մարտին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամ մը ուղղեց ժողովականներուն։
Պատգամին մէջ նորին Սրբութիւնը ըսաւ, մեր ներկայ ժամանակաշրջանը յատկանշուած է կարեւոր փոփոխութիւննեով եւ բազմաթիւ յեղաշրջումնեով՝ զանազան մարզերուն մէջ՝ որոնք բարենորգումներ կը յառաջացնեն մարդու կեանքէն ներս։
Հետեւաբար, նուազեցնելով հանդերձ աղքատութիւնը, մեր մեկնարկած նպատակները յաճախ նպաստած են կառուցելու անարդար տնտեսականութիւն։ Այսօր, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ''ամէն ինչ մաս կը կազմէ մրցակցութեան եւ աւելի հզօրի օրէնքին տրամաբանութեան` ուր՝ զօրաւորը կը տիրէ տկարին վրայ։
Այս անկայուն վիճակի դիմաց, որուն մէջ կ՛ապրին մեզի ժամանակակից այրերու եւ կիներու մեծամասնութիւնը, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ անձերու՝ հոգեւոր ու բարոյական դիւրաբեկութեան դիմաց, յատկապէս երիտասարդներունը, որպէս Քրիստոնեայ հասարակութիւն՝ կանչուած ենք պատասխանատուութեան՝ յարեց Սրբազան Հայրը ու ապա հաստատեց թէ '' հարկաւոր է զգուշութեամբ հսկել, որպէսզի եկեղեցական ինչքերը մատակարարուին խոհեմութեամբ եւ թափանցկութեամբ , որպէսզի անոնք պահպանուած եւ սահմանփակուած ըլլան՝ առաջնահերթ կարգին դնելով՝ հոգեւոր ծաւալը փոխան արդիւնաբերական եւ տնտեսական ծաւալին. ասիկա էութիւնն է եկեղեցական հաստատութիւններու աւանդութեան, որ մսխումը չեն հանդուրժեր, եւ ուշադիր են հարստութեան բարի օգտագործումին։
Նորին Սրբութիւնը ,հուսկ, ժողովականներուն յանձնարարեց բարի օրինակ ըլլալ եկեղեցւոյ եւ աշխարհին համար, ուշադրութիւն դարձնելով աղքատներուն, նիւթական, բարոյական ու հոգեկան թշուառութեան մէջ գտնուողներուն, հրաւիրելով զանոնք դիմագրաւել որեւէ եսասիրութիւն՝ Աւետարանի տրամաբանութեամբ որ կը սորվեցնէ մեզի՝ վստահիլ Աստուծոյ նախախնամութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամը եզրափակեց մաղթելով ժողովականներուն արդիւնաբեր ժողով ու անոնց վրայ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը ու տուաւ իր հայարապետական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.