2014-03-08 09:05:22

Քահանայապետի Քառասնորդացի Հոգեւոր Կրթութիւնը Արիչչայի մէջ։


Կիրակի 9 մարտէն մինչեւ ուրբաթ 14 մարտ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւ Հռոմի Քուրիան, իրենց տարեկան հոգեւոր կրթութիւնը պիտի կատարեն Հռոմի մօտ գտնուող Արիչչա անուամբ գիւղաքաղաքի Պօղոսեան միաբանութեան պատկանող` ''Աստուածային Վարդապետի Տուն'' հաստատութեան մէջ։ Հոգեւոր կրթութիւնը պիտի վարէ Հայր Անճելօ Տէ Տոնադիսը որպէս նիւթ ունենալով ''սրտի բիւրեղութիւնը''։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը` կիրակի 9 մարտի յետմիջօրէին, Կարտինալներու եւ Հռոմի Քուրիայի անդմաներուն հետ միասին, հանրակառքով կը մեկնի Վատիկանէն։ Հոգեւոր կրթութիւնը սկիզբ կ՛առնէ կիրակի գիշեր` ժամը 6-ին, ժամասացութեան արարողութեամբ որուն աւարտին տեղի կ՛ունենայ առաջին ներածական խորհրդածութիւնը եւ Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունք։
Յայտնենք որ Վատիկանի Վերին իշխանութեան հոգեւոր կրթութիւններու սովորութիւնը սկիզբ առած է 1929ին, Պիոս ԺԱ-ի կամքով եւ տեղի կ'ունենար Յիսնակացի առաջին շաբաթը, ի պատրաստութիւն Յիսուսի ս. Ծննդեան ։
Պօղոս Զ Քահանայապետը­ 1964-ին վճռեց հոգեւոր կրթութեան թուականը տեղափոխել քառասնորդացի շրջանի առաջին շաբաթուան։ Աւանդաբար 6 օրերու Հոգեւոր կրթութիւնը կը կատարուէր Առաքելական Պալատի ''Փրկչին Մայր'' անուամբ մատրան մէջ։ Հոգեւոր կրթութեան ընթացքին օրական կէսժամուայ երեք մտածականներ կը կատարուին. առաջին երկուքը առաւօտուն եւ երրորդը յետմիջօրէին, առաւել հասարակաց ժամասացութիւն։ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, որպէս յիսուսեան կրօնաւոր, յաճախ հոգեւոր կրթութիւններու քարոզիչը եղած է։ Ան որոշեց որ հոգեւոր կրթութեան մասնակցող եպիսկոպոսները Վատիկանէն դուրս մէկ մենաստանին մէջ առանձնանան։ Այս նախաձեռնութեամբ հոգեւոր կրթութեան մասնակցող հայրապետները կարելիութիւն պիտի ունենան լռութեամբ ու առանձնութեամբ անցնել աղօթքի ու մտածականի այդ օրերը, հեռու աշխատանքային առօրեայ մթնոլորտէն, եւ ամբողջութեամբ նուիրուած Հոգեւոր Կրթութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.