2014-03-08 09:46:23

Կիրակի օրուայ Աւետարանի ընթերցում, Մատթ 5, 17-30


RealAudioMP3 17 “Մի՛ կարծէք թէ եկայ` աւրելու Օրէնքը կամ *Մարգարէները: Եկայ ո՛չ թէ աւրելու, հապա` գործադրելու:
18 Որովհետեւ ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ ձեզի. “Մինչեւ որ երկինքն ու երկիրը անցնին, Օրէնքէն յովտ մը կամ նշանագիր մը պիտի չանցնի` մինչեւ որ բոլորն ալ կատարուին”:
19 Ուրեմն ո՛վ որ այս ամենափոքր պատուիրաններէն մէկը լուծէ եւ մարդոց ա՛յնպէս սորվեցնէ, անիկա ամենափոքր պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ. բայց ո՛վ որ գործադրէ ու սորվեցնէ, անիկա մեծ պիտի կոչուի երկինքի թագաւորութեան մէջ:
20 Որովհետեւ կը յայտարարեմ ձեզի. “Եթէ ձեր արդարութիւնը չգերազանցէ դպիրներու եւ Փարիսեցիներու [արդարութիւնը], բնա՛ւ պիտի չմտնէք երկինքի թագաւորութիւնը”“:
21 “Լսեր էք թէ ըսուեցաւ նախնիքներուն. “Մի՛ սպաններ”: Ո՛վ որ սպաննէ, *արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի:
22 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ զուր տեղը բարկանայ իր եղբօր դէմ` արժանի պիտի ըլլայ դատաստանի: Ո՛վ որ "ապուշ" ըսէ իր եղբօր` արժանի պիտի ըլլայ *ատեանի [դատապարտութեան]: Ո՛վ որ "յիմար" ըսէ [իր եղբօր`] արժանի պիտի ըլլայ գեհենի կրակին”:
23 Ուրեմն եթէ քու ընծադ զոհասեղանին վրայ բերես, ու հոն յիշես թէ եղբայրդ բա՛ն մը ունի քեզի դէմ,
24 հո՛ն ձգէ ընծադ` զոհասեղանին առջեւ. նա՛խ գնա` հաշտուէ՛ եղբօրդ հետ, եւ ա՛յն ատեն եկուր` որ մատուցանես ընծադ:
25 Շուտո՛վ համաձայնէ քու ոսոխիդ հետ, մինչ ճամբան ես անոր հետ, որպէսզի հակառակորդդ չյանձնէ քեզ դատաւորին, ու դատաւորը` ոստիկանին, եւ բանտը չնետուիս:
26 Ճշմա՛րտապէս կը յայտարարեմ քեզի. “Բնա՛ւ դուրս պիտի չելլես անկէ, մինչեւ որ վճարես վերջին նաքարակիտը”“:
27 “Լսեր էք թէ ըսուեցաւ*. “Շնութիւն մի՛ ըներ”:
28 Բայց ես կը յայտարարեմ ձեզի. “Ո՛վ որ կը նայի կնոջ մը` անոր ցանկալու համար, արդէ՛ն անիկա իր սիրտին մէջ շնութիւն ըրած է անոր հետ”:
29 Ուստի եթէ աջ աչքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, հանէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ [աւելի] օգտակար է քեզի` որ անդամներէդ մէկը կորսուի, բայց ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը:
30 Եթէ աջ ձեռքդ կը գայթակղեցնէ քեզ, կտրէ՛ զայն ու նետէ՛ քեզմէ. որովհետեւ [աւելի] օգտակար է քեզի` որ անդամներէդ մէկը կորսուի, ու ամբողջ մարմինդ չնետուի գեհենը”:







All the contents on this site are copyrighted ©.