2014-03-08 09:17:13

Եթէ խրիմի ժողովուրդը, հանրաքուէին՝ որոշեն անջատուիլ Ուքրանիայէն
այդ պարագային՝ թերակղզին պիտի ընդունուի իբրեւ Ռուսիոյ մէկ մասը.
ըսաւ Վալեթնիա Մաթվիենքօ


Ռուսիոյ խորհրդարանի երկու պալատներու նախագահները յայտնեցին, որ պիտի աջակցին Խրիմին, եթէ 16 մարտին նախատեսուած հանրաքուէին ընթացքին որոշէ Ուքրանիայէն անջատուիլ:
Խրիմի խորհրդարանի անդամներու հետ իր հանդիպումէն ետք, Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալեթնիա Մաթվիենքօ ըսաւ, որ այդ պարագային թերակղզին պիտի ընդունուի իբրեւ Ռուսիոյ մէկ մասը:
«Եթէ Խրիմի ժողովուրդը հանրաքուէի ընթացքին Ռուսիոյ միանալու որոշումը որդեգրէ, մենք` իբրեւ վերին պալատ, անշուշտ այդպիսի որոշումի մը պիտի աջակցինք», ըսաւ Մաթվիենքօ: Խորհրդարանի ստորին պալատի նախագահ Սերկէյ Նարիշքին համամիտ գտնուեցաւ եւ ըսաւ. «Մենք կ’աջակցինք Խրիմի ժողովուրդի ազատ եւ ժողովրդավարական ընտրանքին»:
Մինչ այդ, աւելի քան 65 հազար անձեր Քրեմլինի առջեւ հաւաք մը կատարեցին` առ ի զօրակցութիւն Խրիմի իշխանութեանց:
Ուքրանիոյ ժամանակաւոր վարչապետ Արսէնի Եացենիուք յայտնեց, որ «քաղաքակիրթ աշխարհէն ոչ ոք» պիտի ճանչնայ Ռուսիոյ միանալու շուրջ հանրաքուէին արդիւնքը: Վարչապետը եւ Քիեւի կառավարութենէն ուրիշներ հանրաքուէն «հակասահմանադրական» եւ «ապօրինի» որակեցին:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մերժեց Արեւմուտքի միջնորդութեամբ բանակցութեանց կոչերը: Ան ըսաւ, որ Խրիմի եւ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ ազգամիջեան հալածանքներու վտանգը գոյութիւն ունի, եթէ «Քիեւի մէջ յեղաշրջումին ետին կանգնողները» այդ շրջաններ հասնին:
Խրիմի խորհրդարանի նախագահ Վլատիմիր Քոնսթանթինով խոստացաւ իր կարելին ընել, որպէսզի Ռուսիոյ հետ վերամիաւորուի ոչ միայն Խրիմը, այլեւ ամբողջ Ուքրանիան:







All the contents on this site are copyrighted ©.