2014-03-08 09:46:31

Արտաքսումին Ադամայի ի դրախտէն Բ. Կիրակի Քառասնորդաց Մատթ. 5, 17-30


RealAudioMP3 Կը գտնուինք Մեծ պահքի երկրորդ շաբթուան մէջ: Մեծ Պահոց իւրաքանչիւր կիրակին ունի իւրայատուկ անուն մը` առնուած Աստուածաշնչական հատուածներէն, առակներէն եւ ընթերցուածներէն:
Անցեալ Կիրակի յիշատակեցինք բուն Բարեկենդանը: Բուն Բարեկենդանը իր կրօնական իմաստով մեզի կը յիշեցնէ մարդկային առաջին երջանկութիւնը, այսինքն` Ադամի եւ Եւայի դրախտային կեանքը, նախքան իրենց մեղանչելը եւ վտարուիլը դրախտէն դուրս: Այս պատճառով է ուրեմն որ Բուն Բարեկենդանը ունի նաեւ ուրիշ անուն մը` Մուտն ադամայ ի դրախտին (Ադամին մուտքը դրախտին մէջ):
Մեծ պահոց երկրորդ կիրակին կը կոչուի Արտաքսման կիրակի, որ յիշատակն է մեր նախածնողներուն` Ադամ եւ Եւայի դրախատային երջանիկ կեանքի` Եդեմի պարտէզէն արտաքսուելուն, որպէս արդիւնք իրենց անհնազանդութեան Աստուծոյ այն պատուիրանին թէ դրախտի բոլոր ծառի պտուղներէն կարող էին ուտել, սակայն ոչ բարի եւ չարի գիտութեան ծառէն, քանի այդ օրը երբ այդ ծառէն ուտէին իսկոյն պիտի մեռնէին, կամ աւելի շիտակ մահկանացու պիտի դառնային:
Ադամ եւ Եւան կերան արգիլուած ծառի պտուղէն եւ արտաքսուեցան դրախտէն, եւ իրենց անհնազանդութեամբ` մեղքը աշխարհ մտաւ: Հետեւաբար, մեղքը Աստուծոյ կամքին եւ օրէնքներուն եւ պատուիրաններուն դէմ երթալն է: Ուրիշ խօսքով` մեղքը Աստուծմէ հեռանալն է, որ աղբիւրն մեր իսկական երջանկութեան:
Ադամ եւ Եւայի գեղեցիկ պատմութիւնը, մեզ կ’առաջնորդէ մտածելու, եւ խորհրդածելու կեանքի որոշ ճշմարտութիւններու մասին:
Առաջին հեռթին, կը տեսնենք Աստուծոյ սիրոյ եւ գուրգարանքին նկատմաբ մարդոց անհնազանդութիւնը եւ ապերախտութիւնը: Այլ խօսքով, անհնազանդութիւնը` Աստուծոյ օրէնքին դէմ գործելն է, Աստուծոյ պատուէրին անտեսումն է. կը նշանակէ մարդ ինքնիրեն գերիվել դասել Աստուծոյ պատուէրներուն դէմ: Տարօրինակ է, որ մարդ միշտ կը գործէ այն ինչ որ Աստուած չ’ուզէր որ կատարէ, եւ չի կատարէր ինչ որ Աստուած կ’ուզէ իրմէ, կամ մեզմէ որ կատարենք: Այս մէկը կը համապատասխանէ Սուրբ Պօղոսի խօսքին, որ կ’ըսէ. Բարին զոր կը ցանկամ չեմ ըներ, եւ չարը զոր չեմ ցանկար կ’ընեմ (Հռ. 7, 19): Յիսուս եւս այսօրուայ աւետարանին մէջ մեզ կը զգուշացնէ որոշ մեղքերէ որոնք կրնան մեզ դժոխքի արժանի դարձնել: Եթէ աջ աչքդ քեզի մեղք ի առիթ է կ'ըսէ, հանէ զայն եւ նետէ քեզմէ հեռու: Քեզի համար աւելի լաւ է որ անդամներէդ մէկը կորսուի, քան ամբողջ մարմինդ գահավիժի Գեհենին մէջ»: Կամ «եթէ աջ ձեռքդ մեղքի առիթ է, կտրէ՛ զայն ու նետէ քեզմէ հեռու: Քեզի համար աւելի լաւ է որ անդամներէդ մէկը կորսուի, քան ամբողջ մարմինդ գահավիժի Գեհենին մէջ»:
Երկրորդ Ճշմարտութիւնը, զոր կրնանք քաղել Ադամ եւ Եւայի պատմութենէն ինքնարդարացման ճիգը, որովհետեւ ամէն մէկը կը փորձէր միւսը պատասխանատու դարձնել իր անհնազանդութեան: Արդ մարդ արարած միշտ կը փորձէ ուրիշին մատնանշել որպէս իր սխալին եւ մեղքին պատասխանատու: Սակայն Յիսուս այսօրուայ աւետարանին մէջ ուրիշ բան կը խնդրէ մեզմէ: կը խնդրէ որ մեր մեղքը կամ յանձանքը ընդունիք նոյնիսկ եթէ բոլորովին յանձաւոր կամ մեղաւոր չ’ըլլանք»: Երբ երթաս ընծադ նուիրելու խորանին եւ հոն յիշես որ եղբայրդ ոխ ունի քու դէմդ, ձգէ ընծադ խորանին առջեւ, գնա՛ նախ հաշտուէ եղբօրդ հետ եւ ապա եկուր ընծադ նուիրէ»:
Երրորդ ճմարտութիւնը այն է, որ ամէն մեղք ունի իրեն համապատասխան պատիժը, որ որքան ալ ծանր ըլլայ, միաժամանակ դաստիարակիչ եւ ուսանելի է »: Եւ Տէր Աստուած Ադամին արտաքսեց դրախտէն, որպէսզի ան մշակէ այն հողը, ուրտեղէն ստեղծուած է»: Աստուած, մէկ կողմէն պատժեց մեր նախածնողներուն, սակայն միւս կողմէն անոնց յոյս տուաւ, որ օր մը իրենց զաւակը պիտի ջախջախէր օձին գլուխը, եւ պիտի իրականացնէր մարդու իրական փրկութիւնը, զայն ետ բերելով դէպի Աստուած: Այդ աստուածային խոստումը իրականացաւ Յիսուսի Քրիստոսի աշխարհ գալով, որ ամբողջ մեր մեղքերը իր ուսերուն վրայ առաւ եւ խաչուեցաւ մեր մեղքերը քաւելու համար: Արդ խնդրենք մեր Տիրոջ Յիսուսի Քրիստոսէն որպէսզի միշտ գթասիրտ ու ողորմած ըլլայ մեզի, եւ միշտ ներէ մեր մեծ յանձանքները բարեխօսութեամբ Ամենասրբուհի Մօր` Մարիամին:








All the contents on this site are copyrighted ©.