2014-03-07 11:46:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը. Հանդիպում Եկեղեցիներու Համամիութենական խորհուրդի քարտուղարին հետ։


Ուրբաթ, 7 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի
Ընդհանուր Քարտուղար` Վերապատուելի Օլավ Թվէյթը ու անոր ընկերացող շքախումբը։
Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց` Փանամայի մօտ առաքելական նուիրակ` գերապայծառ Անտրէս Քարրասքոզա Քոզօն, որմէ ետք ունկնդրութիւն շնորհեց` Յոյն Մելքիթներու Հոմսի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Ժան Ապտօ Ապրաշին ու ապա ընդունեց Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի 14 եպիսկոպոսներ, որոնք Հռոմ Ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։

Վերապատուելի Օլավ Թվէյթը հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով ներկաները, շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց մատնանշելով թէ այս հանդիպումը նոր հանգրուան մը կը նշէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներու Համամիութենական խորհուրդի ընդմէջ կայացած պտղաբեր յարաբերութիւններուն։
''Հռոմի Եպիսկոպոսը երախտապարտ է ձեզի, ձեր մատուցած ծառայութեան` վասն Քրիստոսի հաւատացեալներու միութեան'', ըսաւ Սրբազան Հայրը, ականրկելով Եկեղեցիներու Համամիութենական խորհուրդի նուիրական գործին, համամիութեան ուղղութեամբ։
Ֆրանչիսկոս Պապը ապա ականրակեց Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Եկեղեցիներու Համամիութենական խորհուրդի միջեւ յարաբերութիւններուն եւ համագործակցութեան որ կը ձգտին դէպի լիակատար ու տեսանելի միութեան, որուն ուղեւորութեան ընթացքին աղօթքը հիմնական տեղ կը գրաւէ։ Միմիայն յարատեւ աղօթքի խոնարհ հոգիով կրնանք ունենալ այն լուսաւոր գիտակցութիւնը` ծառայելու մարդկային ընտանիքին ու հոգալու անոր հոգեւոր եւ նիւթական կարիքները։

Սիրելի եղբայրներ` ըսաւ հուսկ քահանայապետը իր ճառի աւարտին, ձեզի կը վստահեցնեմ իմ աղօթքներս, որպէսզի Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի հետ ունեցած ձեր հանդիպումի ընթացքին, կարենաք արդիւնաւէտ ծրագիր մը մշակել, ընթանալու միութեան ճանապարհով։ Դուք ալ աղօթեցէք ինծի համար, որպէսզի Տէրը ինծի պարգեւէ շնորհքը ըլլալու իր կամքին հլու գործիք մը եւ ծառայ միութեան։
Թող Տիրոջ խաղաղութիւնն ու անոր շնորհքը ձեզի ընկերանան։








All the contents on this site are copyrighted ©.