2014-03-07 10:13:11

Միջազգային գիտաժողով ''կրօնաւորական հաստատութիւններու եկեղեցական ինչքերու մատակարարումը'' նիւթին մասին։


Ընդառաջելով ֆրանչիսկոս Քահանայապետի խնդրանքին, Կրօնաւորներու ժողովը Հռոմի Անթոնիանում քահանայապետական համալսարանին մէջ, 8-9 մարտ 2014, կը կազմակերպէ միջազգային գիտաժողով մը ''կրօնաւորական հաստատութիւններու եկեղեցական ինչքերու մատակարարումը'' նիւթին մասին։
Գիտաժողովին կը մասնակցին աւելի քան 500 կրօնաւորական հաստատութիւններ, եկած աշխարհի չորս ծագերէն։
Գիտաժողովի առաջին օրը` շաբաթ 8 մարտի, երեկոյեան, Ս. Աթոռի պետական քարտուղարը` կարտինալ Փարոլին կը գլխաւորէ երեկոյեան ժամասացութիւնը։
Գիտաժողովին նիտսերը բաժնուած են չորս մասերու։ Գիտաժողովին բացումը կը կատարէ կարտինալ Ժուաու տէ Ավիզ` կառավարիչը կրօնաւորներու ժողովին որմէ ետք ելոյթ կ՛ունենայ վերոյիշեալ Ժողովի քարտուղարը գերապայծառ Խոսէ Ռոտրիկէզ Քարպալլոն որ զրոյց մը կը ներակայացնէ ''կրօնաւորական հաստատութիւններու եկեղեցական ինչքերու մատակարարում եւ կառավարութիւն ի սպաս մարդկայինին ու Եկեղեցւոյ առաքելութեան։ Եկեղեցական ցուցմունքներ''։
Երկրորդ նիստին ելոյթ կ՛ունենայ Եղբ. Ալվարօ Ռոտրիկէզ Էչէվէրրիա զրուցելով '' կապը ընդմէջ իշխանութեան սպասարկութեան եւ մատակարարին սպասարկութեան, եկեղեցական ինչքերու կառավարելուն մէջ''։
Յայտնենք որ նիստերու ընթացքին կը նախատեսուի միջամտութիւնը բազմաթիւ մատակարարներու, մինչ՝ բանակցութիւններու ու փորձառութիւններու փոխանակումներու ընթացքին նիստերը դռնփակ պիտի ընթանան։

Երրորդ նիստը` 9 մարտին, կը գլխաւորէ կարտինալ ճուզեփփէ Վերսալտին` նախագահը Ս. Աթոռի տնտեսական հարցերուն, ապա ելոյթ կ՛ունենան տնտեսութեամբ եւ մատակարարութեամբ զբաղող մասնագէտներ։ Նախատեսուած է նաեւ Կլոր սեղան մը որուն նիւթն է ''դէպի մարգարէական, զօրավիգ ու հաղորդական տնտեսութիւն''։
Կիրակի, 9 մարտի յետմիջօրէին, տեղի կ'ունենայ չորրորդ եւ վերջին նիստը, ուր առիթ պիտի տրուի շօշափելու տնտեսութեան մասին բաց մնացած այլազան նիւթեր։ Նիստի աւարտին տեղի պիտի ունեայ դռնփակ խորհրդակցական նիստ մը, հուսկ գիտաժողովը պիտի եզրափակէ գերապայծառ Քարպալլոն` Կրօնաւորական Ժողովին քարտուղարը ։







All the contents on this site are copyrighted ©.