2014-03-07 08:47:33

Խրիմի խորհրդարանը որոշեց միանալ Ռուսիոյ


ՍԻՄՖԵՐՈՓՈԼ, Խրիմ, «Ռոյթըրզ».- Զգալիօրէն արագացնելով Խրիմը Ուքրանիայէն անջատելու գործընթացը՝ Խրիմի խորհրդարանը Հինգշաբթի, Մարտ 6ին քուէարկեց ի նպաստ Ռուսիոյ միանալուն, իսկ տեղական իշխանութիւնները որոշեցին այս հարցով հանրաքուէ մը կատարել Մարտ 16ին:
Որոշումին ապակայունացնող հետեւանքներուն շուրջ մտահոգութեանց պատճառով, Ռուսիոյ սակարանին մէջ բաժնետոմսերուն գիները, ինչպէս նաեւ ռուսական ռուբլին արժեզրկուեցան:
Քրեմլին պարզապէս հաղորդեց, որ նախագահ Վլատիմիր Փութին տեղեակ պահուած է Ռուսիոյ միանալու Խրիմի դիմումին մասին, մինչ Հռոմ գտնուող Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով դարձեալ հանդիպում մը ունեցած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի հետ, ինչ որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին երրորդն էր:
Խրիմի խորհրդարանի որոշումէն առաջ, Ուքրանիոյ տագնապի լուծման դիւանագիտական ջանքերը նոր թափ ստացած էին Քերիի եւ Լաւրովի միջեւ Փարիզի մէջ կայացած հանդիպումով: Ըստ ռուսական աղբիւրներու՝ նախարարները այդ հանդիպումին ընթացքին շեշտած են, թէ պէտք է օժանդակել Ուքրանիոյ, որպէսզի գործադրէ Փետրուար 18ի այն համաձայնութիւնը, որ գոյացած էր Եւրոմիութենէն արտաքին գործոց կարգ մը նախարարներու միջնորդութեամբ՝ Ուքրանիոյ նախագահ Վիքթոր Եանուքովիչի եւ ընդդիմութեան միջեւ, եւ որուն նպատակն էր մէջտեղ բերել ազգային համերաշխութեան կառավարութիւն մը, նախագահական ընտրութիւններ կատարել ու 2004ի սահմանադրութեան վերադառնալ: Սակայն, Ուաշինկթըն հերքեց, թէ Լաւրովի հետ նման համաձայնութիւն մը գոյացած է:
Նշենք, թէ Լաւրով մերժած էր Ուքրանիոյ նոր իշխանութեան արտաքին գործոց նախարարին հետ հանդիպում ունենալ:
Մինչ այդ, Եւրոպական Միութիւնը Ուքրանիոյ 11 միլիառ եուրոյի օժանդակութիւն առաջարկեց՝ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին վարկերու եւ փոխատուութեանց միջոցաւ:
Ուքրանիոյ ելեւմուտքի նախարարութեան նախատեսութեամբ, երկրի տնտեսութեան փրկութեան համար կարիքը կայ 35 մ







All the contents on this site are copyrighted ©.