2014-03-07 10:05:54

Ըստ եգիպտական «Ժումհուրիյա» օրաթերթին. Արաբական Լիկային մէջ Քաթարի դէմ քայլեր որդեգրելու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի


Եգիպտական «Ժումհուրիյա» օրաթերթը արաբական աղբիւրներէ տեղեակ դարձած է, որ կարգ մը արաբական երկիրներու, մասնաւորաբար Եգիպտոսի նկատմամբ թշնամական եղող անոր քաղաքականութեան պատճառով Քաթարի դէմ քայլեր որդեգրելու ուղղուածութիւն մը գոյութիւն ունի` աւելցնելով, որ Սէուտական Արաբիոյ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ Պահրէյնի` իրենց դեսպանները Քաթարէն տուն կանչելու որոշումը այդ ուղղուածութեան ամրապնդումը կը հաստատէ, մասնաւորաբար 25-26 մարտին Քուէյթի մէջ նախատեսուած եւ «Արաբական մթնոլորտը մաքրելու» նշանաբանը կրող վեհաժողովին լոյսին տակ:
Աղբիւրները օրաթերթին յայտնած են, որ «այս թղթածրարը արաբական վեհաժողովի պատրաստութեան համար կիրակի օր Գահիրէի մէջ ժողով գումարող արաբ արտաքին գործոց նախարարներու խորհրդակցութեան առաջին նիւթը պիտի ըլլայ»:







All the contents on this site are copyrighted ©.