2014-03-07 10:05:43

Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ տրամադրուած ֆոնտերու չարաշահման դէպքերուն շուրջ հետաքննութեան սկսած Է


Թրքական «Թուտէյզ Զաման» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը հետաքննութեան սկսած է` կապուած Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան հետ հարցերով նախարարութեան կողմէ Եւրոպական Միութեան ֆոնտերու չարաշահման դէպքերուն, որոնք տեղի ունեցած են Թուրքիոյ մէջ փտածութեան գայթակղութեան մէջ ներքաշուած` նախարարութեան ղեկավար Էկեմեն Պաղըշի օրով:
Պաղըշի շուրջ գոյութիւն ունի այն կասկածը, որ Եւրոպական Միութեան ֆոնտերու եւ նախարարութեան կից Ազգային գործակալութեան մէջ աշխատանքի տեղաւորման հարցերու մէջ չարաշահումներ կատարած է` այդպիսով վտանգելով գործակալութեան գործունէութեան համար տրամադրուող միջոցները:
Փտածութեան աղմկայարոյց գայթակղութեան մէջ ներքաշուած Պաղըշը փոխարինած է Մեւլութ Չաւուշօղլու:
Եւրոպական Միութեան հետ հարցերով նախարարութեան Ազգային գործակալութեան մէջ արձանագրուած փտածութեան դէպքերուն մասին յայտնի դարձած է գործակալութեան նախագահ Մուսա Ճէյլանի` 9 մարտ 2013-ի ե-նամակէն, որուն մէջ ան կը նշէ Պաղըշի օրէնքին հակասող յանձնարարականները: Ճէյլան գրած է, որ իբրեւ գործակալութեան նախագահ կը կրկնէ, որ «գործակալութիւնը չի կրնար կատարել նախարարին յանձնարարականները, որովհետեւ անոնք կը հակասեն կառոյցի կանոններուն»:
Վերջերս հրապարակուած նամակին հիմամբ Եւրոպական յանձնաժողովը հետաքննութեան սկսած է: Եւրոպական Միութեան եւ Թուրքիոյ միջեւ համաձայնագիրի 27-րդ յօդուածին համաձայն, Եւրոպական յանձնաժողովը իրաւունք ունի հետաքննութեան սկսելու իր կողմէ յատկացուող ֆոնտերու ապօրինի կառավարման կասկածներուն պարագային:
Եւրոպական Միութեան հարցերով Թուրքիոյ ներկայ նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, ի պատասխան հնչող մեղադրանքներուն, ընդգծած է կառավարութեան` «յանուն իր բարի համբաւի» ստուգուելու եւ հետաքննուելու պատրաստակամութիւնը:
«Մենք չափազանց բաց եւ թափանցիկ ենք նման հարցերու մէջ: Տայ Աստուած` իւրաքանչիւր ոք պիտի տեսնէ զեկուցումը հետաքննութեան աւարտին», «Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ»-ին փոխանցումով ըսած է Չաւուշօղլու եւ նշած, որ հետաքննութիւնը «սկսած է թրքական կողմին նախաձեռնութեամբ»:
Հետաքննութեան մասին յայտնի դարձած է այն բանէն ետք, երբ թրքական «Թարաֆ» օրաթերթը գրած է Եւրոպական յանձնաժողովի կրթութեան եւ մշակոյթի հարցերով գլխաւոր տնօրէն Եան Թրուշինսքիի` Մեւլութ Չաւուշօղլուին, Եւրոպական Միութեան մէջ Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Սելիմ Ենելին եւ Ազգային գործակալութեան նախագահ Պիւլենթ Էօզճանին յղած նամակին մասին:







All the contents on this site are copyrighted ©.