2014-03-06 11:35:08

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի հանդիպումը Հռոմի թեմի կղերին հետ։


Հինգշաբթի, 6 մարտի առաւօտեան, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկրորդ անգամ ըլլալով հանդիպում ունեցաւ Հռոմի Թեմի ժողովրդապետութիւններու հովիւներուն հետ։ Առաջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր անցեալ սեպտեմբեր ամսուայ ընթացքին Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի պազիլիքային մէջ։
Հռոմի կղերին հետ ունեցած հանդիպումի սկիզբը, Ֆրանչիսկոս Պապը յայտնեց թէ խորհրդածութեան նիւթը պիտի ըլլայ ''ողորմութիւնը'', որովհետեւ քառասնորդաց շրջանը համայն Եկեղեցւոյ համար ողորմածութեան շրջան մըն է։
Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ակնարկեց Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ քահանայապետի ներմուծած ''Աստուածային ողորմութեան'' տօնին եւ սրբուհի Ֆաուսթինա Քովալսքայի սրբադասումին։ Ան ապա խօսքը կեդնրոնացուց Քահանաներու ողորմածութեան վրայ հարց տալով թէ Ի՞նչ կը նշանակէ ողորմածութիւնը քահանայի մը համար։
Քահանաները ըլլալու են Յիսուսի նման, որ կը յուզուի իր հօտին դիմաց։ Յիսուս գուրգուրանքով լի է իր ժողովուրդին հանդէպ, յատկապէս մեկուսացած անձերու հանդէպ, մեղաւորին, հիւանդին ու կարիքաւորին հանդէպ։ Այս Բարի Հովիւի օրինակով` քահանան ողորմութեամբ եւ կարեկցութեամբ լի անձ մըն է, իր ժողովուրդին մօտիկ ու բոլորին ծառայող։ Քահանայի այս ողորմածութեան յատկութիւնը ի յայտ կու գայ ապաշխարութեան խորհուրդի ընդմէջէն, ուր Ան կ՛ընդունի մեղաւորը, մտիկ կ՛ընէ անոր, կը խրատէ ու ապա կը ներէ անոր մեղքերը։ Քահանան ունենալու է յուզուող սիրտ մը։ Եկեղեցին բաց դաշտի մէջ շարժուն հիւանդանոցի մը կը նմանի, ուր կարիքը կայ վէրքեր դարմանելու ու շատեր են անոնք որ վերաւորուած են ու պէտք ունին որ քահանան ըլլայ իրենց մօտը ու դարմանէ այդ վէրքերը։
Սրբազան Հայրը հուսկ հարց տուաւ, ''սիրելի քահանաներ դուք կը ճանչնա՞ք ձեր հաւատացեալներուն վէրքերը, մօտի՞կ էք անոնց''։ Ու դարձեալ ակնարկեց ապաշխարութեան խորհուրդին ու թէ ինչպիսի ձեւով մատակարարուելու է այդ խորդհուդրը։ Իսկական ողորմածութիւնը բարի սամարացիի ցուցաբերած ողորմածութիւնն է – ըսաւ Սրբազան Հայրը- ուր ան (սամարացին) իր վրայ կ՛առնէ վիրաւորուած անձին հոգը։
Սրբազան Հայրը ապա շարք մը հարցադրանքներ ուղղեց քահանաներուն, հարց տալով եթէ իրենք կը մասնակցին իրենց ժողովուրդին ցաւերուն, արձունքներուն եւ վիշտերուն ու եթէ կը պայքարին իրենց յանձնուած ժողովուրդին համար։
Սամարացին – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը - իր սիրտը բացաւ, եւ յուզուեցաւ ի տես կողոպտուած ու կիսամեռ մարդուն եւ օգնութեան հասաւ անոր։ Դատաստանի օրը միայն անոնք որ չ՛ամչցան իրենց վիրաւոր ու կարիքաւոր եղբօր մերկութենէն պիտի արժանանան Քրիստոսի փառքին - եզրափակեց Սրբազան Հայրը։








All the contents on this site are copyrighted ©.