2014-03-06 10:15:34

Մարոնի Եպիսկոպոսներու Խորհուրդը ցաւ կը յայտնէ Հանրապետութեան Նախագահին դէմ կատարուած ձեխարձակումներուն ի տես։


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, չորեքշաբթի 5 մարտին, Պքերքէի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստին, որմէ բխած հաղորդագրութեան մէջ եպիսկոպոսները մաղթեցին, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրին մշակումը աւարտի, որպէսզի կառավարութիւնը կարենայ իր կարճատեւ աշխատանքը իրականացնել, յատկապէս նկատի ունենալով այն, որ կառավարութիւնը կազմուած է լիբանանեան քաղաքական ուժերուն գրեթէ մեծամասնութեան համախոհութեամբ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ցաւ յայտնեց հանրապետութեան նախագահին դէմ կատարուած ցեխարձակումներուն համար եւ կոչ ուղղեց կասեցնելու այդ արշաւը` առ ի յարգանք երկրին արժանապատուութեան պահպանումին:
Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց նաեւ Լիբանանի դէմ իսրայէլեան ռմբակոծումը, ինչպէս նաեւ սահմանամերձ շրջանները թիրախ դարձնող սուրիական ռմբակոծումները` զանոնք նկատելով Սուրիոյ տագնապին միջամուխ դառնալու հետեւանք:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ նիստին ընթացքին Ռայի պատրիարքը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդին փոխանցած է Հռոմ կատարած իր այցելութեան եւ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ իր ունեցած հանդիպումներուն արդիւնքները:








All the contents on this site are copyrighted ©.